2015-12-01 09:11:00

Փարիզի մէջ Փութին-Օպամա հանդիպում


Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Փարիզի մէջ կլիմայի հարցերուն նուիրուած վեհաժողովի ծիրին մէջ ունեցան հանդիպում մը:

Քրեմլին հաղորդեց, որ երկու նախագահները իրենց հանդիպումին ընթացքին զօրակցած են Սուրիոյ մէջ դէպի քաղաքական լուծում ընթանալուն: Քրեմլին նաեւ նշեց, որ Օպամա ցաւ յայտնած է Թուրքիոյ կողմէ ռուսական օդանաւին վար առնուելուն առնչութեամբ:

Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ կէս ժամ տեւած հանդիպումը եղած է «բաւական յագեցած»:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Օպամա Փութինի փոխանցած է իր այն կարծիքը, թէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութենէն հեռացումը պէտք է մաս կազմէ Սուրիոյ մէջ փոխանցման հանգրուանին:








All the contents on this site are copyrighted ©.