2015-12-01 09:49:00

Վերջ գտաւ Ֆրանչիսկոս Պապի Ափրիկեան ցամաքամաս կատարած առաքելական ճամբորդութիւնը


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 30 նոյեմբերի երեկոյեան, վերջ գտաւ  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Քենիա, Ուկանտա եւ Կեդրոնական Ափրիկէ կատարած առաքելական 11-րդ միջազգային առաքելական ճամբորդութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը Հռոմի Չամփինօ օդակայան ժամանեց երեկոյեան ժամը 7-ին շուրջ եւ Հռոմ վերադարձի թռչիքի ընթացքին, սովորութեան  համաձայն, հեռագիրներ ուղղեց այն երկիրներու պետական իշխանութիւններուն որոնց օդային տարածքին վրայէն անցաւ`  Կեդրոնական Ափրիկէ. Չիատ, Նիճեր.Ալճերիա. Թունիս, եւ Իտալիա , անոնց  մաղթելով խաղաղութիւն եւ բարօրութիւն եւ ապահովելով միշտ իր աղօթքները ։

Հռոմ ժամանումին, երեկոյեան ժամը 6.30ին, Ֆրանչիսկոս Պապ անմիջապէս ուղղուեցաւ Հռոմի  Տիրամօր նուիրուած Մարիա Մաճորէ Տաճար, ուր ''Սալուս Փոփուլի Ռոմանի'' Տիրամօր սրբապատկերին առջեւ  զետեղեց փունջ մը ծաղիկ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց` Ափրիկէի ճամբորդութեան յաջողութեան եւ պարգեւուած շնորհքին համար։     








All the contents on this site are copyrighted ©.