2015-12-01 09:33:00

Կարեւոր խօսքեր որ Քրիստոսը կը զմայլեցնեն


«Ո՜վ Տէր, արժանի չեմ որ իմ տունս մտնես, այլ մի միայն խօսք մը ըսէ եւ իմ ծառաս պիտի բժշկուի»:

Հարիւրապետի այս խօսքերը շատ կը յիշուին Աւետարանին մէջ, մանաւանդ պատարագին աղօթքներուն ընթացքին: Այս խօսքերը կը ցուցնեն մարդուն հաւատքին չափը եւ Տիրոջ կապուելուն ձեւը, որովհետեւ կը գտնենք իր խօսքերուն մէջ հաւատքի եւ վստահութեան գեղեցիկ իմաստը:

Հակառակ արեւին կիզիչ տաքութեան եւ նեղութեան, հարիւրապետը եկաւ՝ անց-նելով աշակերտներուն եւ ժողովուրդի առջեւէն, առանց կարեւորութիւն տալու իրենց անարգութեան: Անոնք կը հարցնէին թէ ի՞նչ կը փափաքէր խնդրել Քրիստոսէն եւ ի՞նչ բանի պէտք ունէր: Երբէք չէին սպասեր լսել Յիսուսէն այս խօսքը թէ՝ «Իսրայէլի մէջ երբեք չէի տեսած մարդ մը այնքան հաւատքով լեցուն». զարհուրած էին եւ ապշած մնալով, հասկցան թէ իրենց կարեւոր իմաստ մը կ'ուզէր տալ իր խօսքին հաստատելով թէ ինքը հոս է, այսինքն ուշադրութիւն ըրէք որովհետեւ այս մարդուն հաւատքը ձերինէն աւելի մեծ է:

Հոս մտածենք այս նոր իրողութեան, թէ ի՞նչ էր տարբերութիւնը հարիւրապետին հաւատքին եւ միւսներուն հաւատքին միջեւ: Թերե՞ւս խոնարհութիւնն եւ անկեղծութիւնը որոնց միջոցաւ այս մարդը իր խնդրագիրը կը ներկայացնէր Տիրոջ: Այո՛, հակառակ որ այս սպան ունէր մեծ իշխանութիւն մը զինուորական դասա-կարգի մէջ, եւ սակայն խոնարհաբար ճանչցաւ թէ Յիսուսի իշխանութիւնը կը գերազանցէր իրենինը: Այո՛, մարդ մըն էր որ հաւանաբար տեսաւ եւ ապրեցաւ շատ մը գազանութիւններ իր կեանքին մէջ, եւ սակայն կը սիրէր եւ կը մտահոգուէր իր ծառային հիւանդութենէն: Բայց ինչ որ Յիսուսը աւելի զմայլեցուց որ այս հարիւրապետը ունէր անծայրածիր վստահութիւնը որ իր խնդրանքը պիտի ընդունուէր եւ վարձատրուէր:

Յիսուսի հրաշքները, ինչպէս ջուրի վրայ գալելը եւ կամ հացերու բազմապատկելը, շատերուն զարմանք պատճառեց, մանաւանդ իր աշակերտներուն, եւ սակայն առաջին անգամն է որ կը տեսնենք Յիսուսը որ կը զմայլի այս մարդէն եւ մանաւանդ իր խօսքերէն: Ինչո՞ւ համար արդեօք: Յիսւոսի հրաշքները կատարուեցան այն մարդոց որոնք կը հետեւէին եւ կը հաւատային իրեն որպէս Աստուծոյ որդի, եւ սակայն շատերը մնացին իրենց անհաւատութեան մէջ: Մէկ անգամէն հարիւարապետ մը որուն կեանքը լեցուն էր պայգարներով եւ խնդիրներով, որ երբեք տաճառ չէր ելած եւ ոչ ալ լսած էր վարդապետներուն քարոզները, մօտեցաւ Յիսուսին կատարեալ հաւատքով: Յիսուս ասոր համար զմայլեցաւ եւ յուզուեցաւ որովհետեւ այս խոնարհ զինուորը ճանչցաւ իրականութիւնը այս վարդապետին:

Երբեմն, Յիսուսին կը ներկայացնէին հիւանդներ որոնք չար սատանայական հիւանդութիւններ ունէին. մէկ խօսքով կը վռնտէր չար ոգիները եւ զիրենք կ'առողջացնէր: Այս էր Քրիստոսի անձնաւորութիւնը, ասոնք էին կորսուած ոչխարները որոնք պէտք ունէին Յիսուսին գեղեցիկ խօսքերուն եւ հրաշքներուն: Ինքն է որ կը շարունակէ տալու   մեզի իր կեանքը՝ մեզ փրկելու համար:

Ո՜վ Աստուած, կը հաւատամ քեզի որ մէկ Աստուած ես երեք անձերով՝ Հայր, Որդի եւ Սուրբ Հոգի: Կը հաւատամ բոլոր ճշմարտութիւններուդ եւ Սուրբ Եկեղեցւոյ ուսոուցումներուն որովհետեւ դուն զանոնք շնորհեցիր մեզի, դուն որ իմաստութիւն, ճշմարտութիւն եւ յաւիտեանական կեանք ես: Ամէն:

Գերապայծառ Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան    








All the contents on this site are copyrighted ©.