2015-12-01 13:26:00

Կարդինալ Փարոլինի ելոյթը Փարիզի մէջ կայացած կլիմայի հարցերու վեհաժողովին։


(Ռատիօ Վատիկան) Փարիզի մէջ կայացած  կլիմայի հարցերու վեհաժողովին, երկուշաբթի, 30 նոյեմբերին, Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փարոլին,  յանուն Ֆրանչիսկոս Պապի ելոյթ մը ունեցաւ, որուն մէջ փոխանցեց Նորին Սրութեան ողջոյններն ու քաջալերանքի խօսքը  վեհաժողովի մասնակիցներուն ։

Արտասանած խօսքին մէջ ծիրանաւորը մեկնեցաւ , Ֆրանչիսկոս Պապի անցեալ 26 նոյեմբերին, Նայրոպիի՝  ՄԱԿ-ի գրասենաեկի կեդրոնատեղիին մէջ արտասանած խօսքէն՝  հայող Փարիզի մէջ կայանալիք Կլիմայի հարցերու վեհաժողովին՝ ուր Սրբազան Հայրը մաղթանք յայտնած էր որ վեհաժողովը եզրափակուի  կերպանարափոխիչ եւ համաշխարհային համաձայնութեան մը որդեգրումով, որ  հիմնուած ըլլայ զօրակցութեան, աջակցութեան եւ արդադութեան սկզբունքներուն վրայ։

Կարդինալ Փարոլին ապա  մատնանշեց  թէ համաշխարհային կերպարանափոխիչ  համաձայնութիւնը պէտք է խարսխուած ըլլայ երեք անկիւնաքարերուն վրայ։

Առաջինը` որդեգերել յստակ բարոյական ուղղութիւն,  որ  ներշնչումի աղբիւր հանդիսանայ  գոյանալիք  համաձայնութեան պատճառաբանութիւններու եւ կէտնպատակներուն,  նկատի առնելով թէ Կլիմայի փոփոխութիւնը  հետեւանքներ ունի  նաեւ  աղքատներուն ու ապագայի սերունդներուն վրայ։

Երկրորդ անկիւնաքարը կը հայի այն իրողութեան,  որ որդեգրուելիք համաձայնութիւնը պէտք չէ սահմանէ  լոկ անոր գործադրութեան ձեւերը , այլ նաեւ եւ յատկապէս  պէտք է սփռէ  յստակ եւ գործնական նշաններ։

Երրորդ անկիւնաքարը կը հայի ապագայի տեսութեան.  21 երկիրներու վեհաժողովը կարեւոր քայլ կը նկատուի, բայց՝   վերջ պիտի չի գտներ 2015-ին, ըսաւ Կարդինալ Փարոլին ընդհանուր անդրադարձ կատարելով Կլիմայի փոփոխութեան հարցերուն լուծման ձեռնակներուն . Ծիրանաւորը  կարեւոր նկատեց  դաստիարակչական եւ կազմաւորման հոլովոյթները  որոնք յաճախ անտեսուած են Միջազգային համաձայնութիւններուն բանակցութիւններու ընթացքին։

՝՝Թէքնիքական լուծումները անհրաժեշտ են բայց ոչ՝ բաւարար, եթէ չի շօշափենք  զօրակցական կեանքի վարուելակերպի մը ի սպաս կրթութիւնը։Ժամանակակից կեանքի վարուելակերպերը՝ մեկուսացումի մշակոյթի մէջ,  անհանդուրժելի են եւ պէտք չէ տեղ ունենան  մեր դաստիարակչական եւ զարգացման տիպարներուն մէջ'' ըսաւ Կարդինալը եւ ելոյթը աւարտեց Ֆրանչիսկոս Պապի քաջալերանքի խօսքերով ''որպէսզի վեհաժողովը  եզրափակուի համաշխարհային  եւ կերպարանափոխիչ  հանաձայնութիւն մը կնքելով,  յստակ  բարոյական  ուղղութիւններով  եւ երեք հեռանկարնրեու իրականացումով. ''Մեղմացնել կլիմայական փոփոխութեան բախումներու հետեւանքները,  պայքարիլ աղքատութեան դէմ եւ  ծաղկեցնել  մարդկային էակի արժանապատուութիւնը''։








All the contents on this site are copyrighted ©.