2015-12-01 09:20:00

Գանատա ապաստանած Սուրիացի փախստականներուն երկու երրորդը Սուրիահայեր են


Սուրիայէն հազարաւոր փախստականներ յառաջիկայ շաբաթներուն պիտի ժամանեն Գանատա եւ կառավարութեան պարզեցուած ծրագիրով պիտի ապաստանին Մոնրէալի եւ Թորոնթոյի մէջ:

Ըստ News.am-ի՝ The  Globe and Mail պարբերականը կը հաղորդէ, որ Մոնրէալ տեղափոխուող փախստականներուն երկու երրորդը սուրիահայեր են: Անոնց ֆինանսաւորումը իր վրայ վերցուցած է տեղի հայ համայնքը:

«Փախստականներէն շատերուն մենք նոյնիսկ չենք հանդիպիր: Անոնց ժամանումէն անմիջապէս ետք ֆինանսաւորող խումբերը կը դիմաւորեն զանոնք օդակայանին մէջ եւ անկէ ետք կ՛անհետանան մեր տեսադաշտէն»,- պարբերականին ըսած է գաղթականութ հարցերով զբաղող գանատացի պաշտօնեան:

Ըստ պարբերականին` նախապէս կազմուած ցուցակներով Գանատա ժամանող սուրիացի փախստականներուն շատ փոքր տոկոսը կը ֆինանսաւորուի կառավարութենէն: Փախստականներուն ֆինանսական կարիքները սովորաբար կը հոգան տեղի համայնքները:








All the contents on this site are copyrighted ©.