2015-11-30 10:12:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Կեդրոնական Ափրիկէի մէջ հրատարակած թուիթները.


(Ռատիօ Վատիկան) Կեդրոնական Ափրիկէի մայրաքաղաք Պանկիի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կանխաւ կատարեց Ողորմութեան Աուրբ Դռան բացումը եւ այս առթիւ հրատարակած թուիթներու մէջ Սրբազան Հայրը հրաւիրեց քրիստոնեաները վկայելու Աստուծոյ Սէրը այնտեղ ուր կ՛իշխէ բռնութիւն եւ ատելութիւն։

''Այնտեղ ուր կ՛իշխէ բռնութիւն եւ ատելութիւն, քրիստոնեաները կանչուած են վկայելու Աստուած որ Սէր է'', գրեց Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ այլ թուիթի մը մէջ անդրադարձ կատարելով Ողորմութեան Սուրբ Տարուան գրեց ''Ողորմութեան Յոբելեանը մեզի կը յիշեցնէ թէ Աստուած բազկատարած մեզ կը սպասէ, այնպէս ինչպէս կ՛ընէ հայրը անառակ որդիին հետ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.