2015-11-30 11:40:00

Ֆրանչիսկոս Պապի եզրափակիչ Սուրբ պատարագը` ''Անցնինք ծովուն միւս ափը''։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի` 30 նոյեմբերին, Պանկիի մէջ մատուցած բացօթեայ սուրբ պատարագի արարողութեամբ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը եզրափակեց Ափրիկեան ցամաքամասին կատարած առաքելական ճամբորդութիւնը որ սկիզբ առած էր անցեալ 25 նոյեմբերին եւ ընդգրկեց երեք երկիրներ` Քենիան, Ուկնատան եւ Կեդրոնական Ափրիկէն ուր այս վերջինիս մէջ Սրբազան Հայրը ` կիրակի 29 նոյեմբերին, կանխաւ կատարեց Ողորմութեան Յոբելինական Սուրբ Դռան բացումը, որ Հռոմի մէջ պաշտօնապէս տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 8 դեկտեմբերին։

Առաքելական ճամբորդութեան վերջին օրը սկիզբ առաւ առաւօտեան 7,45-ին։ Նորին Սրբութիւնը հրաժեշտ առնելով Պանկիի առաքելական նուիրակութենէն ուղղուեցաւ Քուտուքույի կեդրոնական մզկիթ ուր հանդիպում ունեցաւ Պանկիի մահմետական հասարակութեան ու անոր կրօնական ղեկավարներուն հետ։

Մահմետական հասարակութեան հետ ունեցած հանդիպումի աւարտին Սրբազան Հայրը ուղղուեցաւ Պարթելեմի Պոկանտայի մարզադաշտ` որուն  տարածքին մատուցեց առաքելական ճամբորդութեան եզրափակիչ սուրբ Պատարագը մասնակցութեամբ Երկրին ժամանակաւոր նախագահին ու պատկան իշխանութիւններուն, կղերական դասին եւ բազմահազար հաւատացեալներուն։

Այս առթիւ արտասանած իր քարոզին մէջ Սրբազան Քահանայապետը խօսքը կեդրոնացուց երեք կարեւոր նիւթերու վրայ` Ըլլալ հասարակութիւն, անցնիլ միւս ափը եւ Քրիստոնէութեան պատմութեան մէջ բանալ նոր էջ մը։

Սրբազան Քահանայապետը  հրաւիրեց Կեդրոնական Ափրիկէ հաւատացեալները գոհունակութիւն յայտնելու Տիրոջ` իրենց հաւատքի պարգեւին համար, ինչպէս նաեւ ուրախութեան, զօրակցութեան եւ սիրոյն` որոնք կը բխին այդ հաւատքէն եւ որոնք ի յայտ կու գան` ֆիզիկական եւ բարոյական տառապանքի բազմաթիւ կացութիւններու ժամանակ։

''Հարմար է համախմբուիլ Տիրոջ շուրջ այն ժամանակ երբ կացութիւնը կը դժուարանայ եւ տառապանքը կը բազմապատկուի ու երբ ապագան անորոշ կը թուի ու երբ յոգնած կը մտածենք  թէ կարելի չէ յառաջ ընթանալ։ Ուրախանանք Տիրոջ ներկայութեամբ, այն նոր կեանքի ու փրկութեան պարգեւին որ մեզի կ՛առաջարկէ'', ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ապա յիշեցուց թէ տակաւին չենք հասած նպատակակէտին, այլ կը գտնուինք լիճին մէջ ու թէ հարկաւոր է քաջութեամբ եւ միսիոներական նոր յանձնառումով որոշել` անցնիլ միւս ափը։ Ամէն մէկ մկրտեալ պէտք է յարատեւ իր վրայէն թօթափէ իր մէջ գտնուող հին մարդը`, մեղաւոր մարդը որ միշտ պատրաստ է համապատասխանելու սատանայի կոչին, որ այս հակամարտութիւններու, ատելութեան, եւ պատերազմներու շրջանին կը գործէ մեր այս աշխարհին մէջ, մարդը տանելու եսասիրութեան եւ անտարբերութեան, բռնութեան եւ  ոչնչացումի բնազդին, ոխակալութեան, արհամարհանքի եւ աւելի տկարները շահագործելու....

Սրբազան Հայրը ապա հաստատեց թէ քրիստոնեայ հասարակութիւնները կանչուած են սրբութեան ու տակաւին երկար է դէպի սրբութիւն տանող ճանապարհը որուն ընթացքին պէտք ենք ներողութիւն հայցել Տիրոջ, այն բազմաթիւ դիմադրութիւններուն եւ այն դանդաղութեան որոնցմով Աւետարանը վկայեցինք։

Սրբազան Հայրը ապա մաղթանք յայտնեց որ  ''Ողորմութեան Յոբելինական տարին, որ սկիզբ առաւ Ափրիկէի մէջ, առիթ հանդիսանայ իրագործելու այս բոլորը եւ կոչ ուղղեց Կեդրոնական Ափրիկէի բնակչութեան վճռակամ որոշում առնելու երկրին քրիստոնէական պատմութեան մէջ նոր հանգրուան մը իրագործելու համար եւ ընթանալու դէպի նոր հորիզոններ, երթալու`դէպի բացերը, խոր ջուրերը''։

Ձեզմէ ամէն մին կանչուած է, իր հաւատքի հետեւողականութեամբ եւ միսիոնարական յանձնառումով, դառնալու մարդկային եւ հոգեւոր նորոգումի գործարարներ ձեր երկրին մէջ։

Սուրբ Պատարագի աւարտին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ուղղուեցաւ Պանկիի միջազգային օդակայան եւ բարի երթի արարողութեան աւարտին` 12,30-ին կը բարձրանայ օդանաւ վերադարձ կատարելով դէպի Հռոմ։








All the contents on this site are copyrighted ©.