2015-11-30 09:26:00

Ֆրանչիսկոս Պապ Պանկիի մէջ հանդիպեցաւ խումբ մը երիտասարդներու հետ


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի, 29 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 7.00-ին,  Պանկիի մէջ Ողորմութեան Սուրբ դռան բացումէն ետք, Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ խումբ մը երիտասարդներուն հետ որոնք կը պատրաստուէին աղօթքի հսկում կատարելու։ Այս առթիւ Նորին Սրբութիւնը, սրտաբուխ խօսք ուղղեց ներկաներուն ու անոնց  յանձնեց գրաւոր պատգամ մը որուն մէջ գրուած է.

«Եկա՛յք անցցու՛ք յայնկոյս ծովակիս» - եկէք ծովակին միւս ափը անցնինք։ Այս առաջարկը Յիսուս կ՝ուղղէր իր առաքեալներուն։ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապ առնելով Յիսուսի այս խօսքը իբր բնաբան, ըսաւ՝ «անցնինք այլ կեանքի մը՝ հաշտութեան, խոստովանանքի խորհուրդով։» Խոստովանանքը մեզի կը բանայ անցքը՝ դէպի այլ կեանք մը։ Աստուծոյ ներողամտութիւնը մեզի առիթ կու տայ սրտանց վերսկսելու՝ խաղաղութեան մէջ, եւ մեզի թոյլ կու տայ՝ որ նաեւ մենք մեր կարգին ներենք։ «Միշտ պէտք ունինք ներողամտութեան, յատկապէս հակամարտութիւններու եւ բռնութեան ժամանակ, ինչպէս որ ծանօթ է ձեզի բազում պարագաներու մէջ։ Կը կրկնեմ իմ մօտիկութիւնս բոլոր անոնց, որոնք ենթակայ եղած են ցաւի եւ բաժանումի՝ ատելութեան եւ պատերազմի պատճառած վէրքերով։ Այսպիսի պարագաներու, մարդկօրէն շատ դժուար է ներել անոր, որ մեզի վնաս հասցուցած է։ Սակայն Աստուած մեզի զօրութինը եւ քաջութիւնը կու տայ ըլլալու հաշտութեան եւ խաղաղութեան արհեստաւորներ. իսկ ձեր երկիրը մեծապէս կարիքն ունի հաշտութեան եւ խաղաղութեան։» Սրբազան Պապը էական նկատեց՝ մշակել մեր յարաբերութիւնը Աստուծոյ հետ՝ աղօթքով, Սուրբ Գրքով եւ Սուրբ Աւետարանով։ «Միայն այսպէս Յիսուս կրնայ լուսաւորել ձեր զգացումները, ձեր ընտրանքները՝ կարենալ տեսնելու համար իրար որպէս եղբայրներ, եւ ընդունիլ՝ որ ուրիշը տարբեր է ինցմէ եւ պարգեւ մըն է ինծի համար։ Այսպէս է, որ խաղաղութիւնը կը կառուցուի օր ըստ օրէ։ Հետեւաբար պէտք է բռնել խոնարհութեան ճամբան, եւ ուշադրութիւն դարձնել ուրիշներու կարիքներուն։» Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ եզրափակեց խօսքերը ըսելով՝ «Աստուծոյ մօտիկութիւնը պէտք է ըլլայ ձեզի յոյսի եւ քաջութեան աղբիւր՝ «անցնելու համար այլ կեանքի մը», (հմմտ. Ղուկ Ը. 22) Յիսուսի հետ միասին, բանալով նոր ճանապարհներ ձեզի եւ ձեր սերունդին համար, ձեր ընտանիքներուն եւ ձեր երկրին համար։»

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.