2015-11-30 09:40:00

Փարիզի մէջ կը մեկնարկէ կլիմայի հարցով ՄԱԿ-ի համաշխարհային համաժողովը


Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ այսօր` Նոյեմբեր 30-ին, տեղի ժամանակով 11.00-ին կը բանայ կլիմայի հարցերով ՄԱԿ-ի համաշխարհային համաժողովը:

Բացումը տեղի կ՝ունենայ Փարիզի Լը Պուրժէ օդակայանի տարածքին, որ այդ օրերուն յայտարարուած է ՄԱԿ-ի տարածք: Համաժողովին կը մասնակցին աւելի քան 150 երկիրներու առաջնորդներ, որոնց կարգին՝ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանը:

Հաշուի առնելով զեկոյցներու աննախադէպ թիւը, որոշում կայացուած է զանոնք  ներկայացնել զուգահեռաբար երկու դահլիճներու մէջ: Համաժողովի սկիզբը պատուիրակութիւններու անդամները պիտի յարգեն Նոյեմբեր 13-ին Փարիզի ահաբեկչութիւններու զոհերու յիշատակը:

Համաշխարհային համաժողովը պիտի տեւէ Մինչեւ Դեկտեմբեր 11, որուն իբրեւ արդիւնք պիտի ստորագրուի նոր միջազգային համաձայնագիր, որ 2020 թուականէն պիտի փոխարինէ Գիոդոյի արձանագրութիւնը: Համաժողովին նպատակն է համաձայնութեան գալ այնպիսի քայլերու շուրջ, որոնք թոյլ պիտի տան զսպել երկրագունդի ջերմաստիճանի բարձրացումը 2 աստիճանի սահմաններու մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.