2015-11-30 10:50:00

Սպաննուած է Քիւրտ յայտնի փաստաբան Թահիր Էլչին


Թուրքիոյ Տիգրանակերտ նահանգի Սուր գաւառին մէջ լրագրողներուն յայտարարութիւն կատարելու ընթացքին ահաբեկիչներու կողմէ սպաննուած է Տիգրանակերտի փաստաբանական պալատի նախագահ Թահիր Էլչի:

Սպանութենէն վայրկեաններ առաջ Էլչի լրագրողներուն ըսած է, թէ «այս պատմական տարածքը շատ մը քաղաքակրթութիւններու օրրանը եղած է, այս տարածքին մէջ այլեւս բախումներ եւ պատերազմներ չենք ուզեր: Թող պատերազմները, կռիւներն ու զէնքերը հեռու մնան այս տարածքէն»: Այս մասին կը հաղորդէ Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթը։

Սպանութենէն օրեր առաջ Թահիր Էլչի ձերբակալուած էր թրքական ոստիկանութեան կողմէ, որմէ ետք ազատ արձակուած էր երկրէն չբացակայելու պայմանով:

Նշենք, որ Էլչի յայտարարած էր, թէ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը ահաբեկչական կազմակերպութիւն չէ, այլ` քաղաքական շարժում, որ քաղաքական պահանջներ ունի եւ հասարակութեան լուրջ աջակցութիւնը կը վայելէ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.