2015-11-30 12:07:00

Հռոմի Լեւոնեան քահանայապետական վարժարանի նոր մեծաւորին պաշտօնական ներկայացումը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 29 նոյեմբեր 2015-ի առաւօտեան, Հռոմի Սուրբ Նիկողայոսի անուն հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած հանդիսաւոր սուրբ պատարագի արարողութեան աւարտին տեղի ունեցաւ գերապատիւ Նարեկ վարդապետ Նամոյեանի` Հռոմի Լեւոնեան քահանայապետական վարժարանի նոր մեծաւորին պաշտօնական ներկայացումը։

Արարողութեան ներկայ գտնուեցան Հռոմի եւ Վատիկանի մօտ դեսպանութեան ներկայացուցիչները ու հռոմաբնակ հայ հաւատացեալները, Անարատ Յղութեան հայ քոյրերը ու Ռատիովատիկանի հայկական բաժնի անձնակազմը։

Դպրեվանքի փոխ մեծաւոր` Հայր Գիրգոր Պատիշահ, այս առթիւ արտասանած բարի գալուստի ողջոյնի խօսքին մէջ մաղթեց նոր մեծաւորին անձին մէջ տեսնել հայր մը, հովիւ մը ու հոգեւոր առաջնորդ մը։ ''Ձեզմէ կը խնդրենք զօրավիգ կանգնիլ Հռոմի հայ համայնքին ու հաստատել զայն հաւատքի, յոյսի ու սիրոյ մէջ։ Եղէք նշանը միութեան'' ըսաւ Հայր Պատիշահ։

Իտալիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան` Տիար Սարգիս Ղազարեան` ռոմի Լեւոնեան քահանայապետական հայ վարժարանի նոր մեծաւորին յղած բարեմաղթական  գիրին մէջ  մատնանշեց որ Լեւոնեան հայ Վարժարանը Իտալիայի հայկական այն կրթօճախներէն է որ իր ողջ գործունէութեան ընթացքին նպաստած է հայ լեզուի ու մշակոյթի, հայ պատմութեան ու հայկական ինքնութեան պահպանման ու տարածման։ Տիար դեսպանը նոր մեծաւորին մաղթեց ապա  քաջառողջութիւն եւ կորով լաւագոյնս յառաջ տանելու ազգօգուտ ու եկեղեցական առաքելութիւնը։

Նոյնպէս եւ Հայաստանի դեսպանը Վատիկանի մօտ` տիար Միքայէլ Մինասեան այն համոզումը յայտնեց որ ''Ձեր պաշտօնավարման ընթացքին կ՛ամրապնդուին կապերը  դեսպանութեան ու Լեւոնեան Վարժարանի միջեւ ի նպաստ հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանի բարգաւաճումին եւ բարօրութեան''։

Ռատիովատիկանի հայկական բաժնի անձնակազմը միանալով բոլոր բարի  կամք ունեցող մարդոց իր սրտագին բարեմաղթութիւնները կը փոխանցէ Լեւոնեան Քահանայապետական Հայ Վարժարանի նոր Մեծաւոր`գերապատիւ Նարեկ վարդապետ Նամոյեանին, անոր ապահովելով յարատեւ աղօթքներ եւ եղբայրական միութիւն ու համագործակցութիւն։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.