2015-11-30 13:59:00

«Եթէ Թուրքիան կը մտնէ Եւրոմիութիւն, ապա եկէք մենք դուրս գանք»


Իտալիոյ «Հիւսիսային լիկա» (Lega Nord) կուսակցութեան առաջնորդ Մաթէօ Սալվինի «Եւրոմիութիւն (ԵՄ)-Թուրքիա» գագաթնաժողովէն ետք Twitter-ի իր էջին մէջ հետեւեալ գրառումը ըրած է. «Եւրոպան Թուրքիոյ 3 միլիառ կը նուիրէ փախստականներու ճգնաժամի կապակցութեամբ: Իսկ որոշները կ՛ուզեն, որ նոյն այդ Թուրքիան մտնէ ԵՄ: Եթէ անոնք կը մտնեն, ապա ԵԿԷՔ ՄԵՆՔ ԴՈՒՐՍ Գանք», կը հաղորդէ ermenihaber.am-ը:

Յայտնի է, որ Սալվինին նախապէս բազմիցս դէմ արտայայտուած է Թուրքիոյ ԵՄ-ին անդամակցութեան: Իտալացի քաղաքական գործչի նշեալ գրառումը մեծ արձագանգ ունեցած է ու բազմաթիւ մեկնաբանութիւններու առիթ տուած:

Ահա որոշ օգտատէրերու մեկնաբանութիւնները Սալվինիի գրառման.
«Եթէ Թուրքիա մուտք գործէ ԵՄ, ես հաստատ կ՛երթամ: Կը տեղափոխուիմ Ռուսիա եւ կը զբաղիմ ողորմութիւն խնդրելով»:

«Ոչ Թուրքիային, ոչ:  Ո՞ր յիմար գլուխներուն մէջ այդպիսի մտքեր կը ծնին: Եթէ անոնք կը մտնեն, ապա մենք դուրս կու գանք: Ճիշտ ես, քափիթան»:

«Թուրքիան ԻՊ-ի («Իսլամական պետութիւն» – İŞİD) հետ առեւտուրի մէջ է, քիւրտերը կը ռմբակոծէ, ռուսերը կը հարուածէ: Միթէ՞ ուրիշ պատճառներ ալ պէտք են ԵՄ-էն դուրս գալու համար»:

«Այո», անոնց գլխաւոր մուտքէն ընդունինք, իսկ մենք վթարային ելքով դուրս գանք: Շուտ դուրս գալն աւելի լաւ է»:








All the contents on this site are copyrighted ©.