2015-11-29 12:30:00

Ֆրանչսիկոս Պապ ժամանեց Կեդրոնական Ափրիկէի Մայրաքաղաք Պանկի։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 29 նոյեմբերի առաւօտեան, 2 ժամ 45 վայրկեան թռիչքէ ետք տեղական ժամով 10-ին, որ կը համապատասխանէ Հռոմի նոյն ժամին, Ֆրանչսիկոս Պապ ժամանեց Կեդրոնական Ափրիկէի մայրաքաղաք Պանկի որ կը հանդիսանայ Ափրիկեան ցամաքամաս կատարած առաքելական ճամբորդութեան երրորդ ու վերջին հանգրուանը։  

Պանկի մայրաքաղաքի ''Մ՛փոքօ'' միջազգային օդակայանին մէջ, Սրբազան Հայրը դիմաւորուեցաւ Պանկիի մօտ առաքելական նուիրակէն եւ Երկրին անցումային շրջանի նախագահ Տիկ Քաթրին Սամպա- Փանցայի գլխաւորութեամբ պետական պատուիրակութենէ մը ինչպէս նաեւ  Կեդրոնական Ափրիկէի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամներէն։

Օդակայանի մէջ կայացած Փրոթոքոլային արարողակարգէն անմիջապէս ետք Սրբազան Հայրը ուղղուեցաւ Պանկիի նախագահական Պալատ ու պաշտօնական այցելութիւն տուաւ  Երկրի ժամանակաւոր նախագահին հուսկ  հանդիպուում ունեցաւ երկրին Պետական  դասակարգին ու դիւանագիտական մարմին հետ եւ այս  առթիւ արտասանած ճառին մէջ Սրբազան Հայրը շեշտը դրաւ երեք կարեւոր կէտերու վրայ` հասարակաց տունը, նոր շրջան եւ Եկեղեցւոյ յանձնառումը։

Նորին Սրբութիւնը իր ճառը սկսաւ մատնանշելով անմիջապէս բոլոր Կեդրոնական Ափրիկեցիներուն հասարակաց տան` որուն խորհրդանիշն է նախագահական պալատը,  ու համայն իր ճառը կեդրոնացուց Երկրին միութեան գաղափարին վրայ։

Սրբազան Հայրը յայտնեց թէ այս առաջին անգամն է որ ինք կը ժամանէ Կեդրոնական Ափրիկէ իր նախորդին Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի կատարած  առաքելական ճամբորդութենէն ետք։

''Ես կու գամ որպէս խաղաղութեան ուխտաւոր եւ կը ներկայանամ որպէս յոյսի առաքեալ'', ըսաւ Սրբազան Հայրը եւ ասոր համար գնահատեց ազգային եւ միջազգային հասարակութեան ջանքերը երկիրը դէպի բնականոն կեանքի առաջնորդելու դափուած ճիգերուն համար։

Սրբազան Հայրը ապա ակնարկեց երկրին կարգախօսին` Միութիւն, արժանապատուութիւն եւ աշխատանք'' եւ ըսաւ ''Այսօր աւելի քան երբեք այս երեք բառերը կ՛արտայայտեն ամէն մէկ Կեդրոնական Ափրիկէի բնակիչին ձգտումները ու անոնք իշխանութիւններուն համար կը ներկայացնեն ապահով ուղեցոյց մը` երկրին ճակատագիրը յառաջ տանելու համար։

Երեք իմաստալից բառեր որոնցմէ ամէն մին մեծ նշանակութիւն ունի ըսաւ Սրբազան Հայրը եւ ակնարկեց այդ բառերէն ամէն մէկուն իմաստին։

Միութիւնը` հիմն է ժողովուրդին կեանքի ներդաշնակութեան։ Ապրիլ միասին եւ բազմազանութեան մէջ կերտելով ապագան, առանց վախի փորձութենէն եւ ուրիշը օտար նկատելէն։ Միութիւն տարբերութեան մէջ մարտահրաւէր մըն է որ կը պահանջէ ստեղծագործութիւն, մեծահոգութիւն, նուիրում եւ յարգանք ուրիշներուն հանդէպ։

Արժանապատուութիւն. Ամէն ինչ պէտք է կատարուի նկատի առնելով մարդ արարածի արժանապատուութիւնը ու անոր պաշտպանութիւնը եւ այս յանձնառումը նկատի առնելու է ամէնուն կրթութիւն եւ առողջապահութիւն ապահովելու կարեւորութիւնը ինչպէս նաեւ պայքարը վատ սննդառութեան դէմ եւ ամէն մէկուն արժանավայել բնակարանի ապահովութիւնը։  

Ապա աշխատանք` աշխատանքը կը ծառայէ ընտանիքներու կենսապայմանները լաւացնելու համար ըսաւ Սրբազան Հայրը,  ազգային եւ միջազգային պատասխանատուներուն ուշադրութիւնը հրաւիրելով յանձն առնելու իրենց պատասխանատուութիւնը  բնապահպանական միջոցներու շահարկումին դէմ  եւ իրագործելու զարգացումի ծրագիրներ ու այս առնչութեամբ ակնարկեց ժողովրդային մէկ ասացուածքին ''մրջիւնները փոքր են սակայն բազմաթիւ ըլլալով իրենց բերքը կը տանին իրենց բոյնը'' եւ հրաւիրեց պատկան իշխանութիւնները  հետեւողականութեամբ  իրենց կեանքին մէջ  մարմնացնելու միասնութեան, արժանապատուութեան եւ աշխատանքի արժէքները որպէսզի դառնան իրենց  հայրենակիցներուն համար տիպարներ։

Սրբազան Քահանայապետը մատնանշեց Երկրին աւետարանումի պատմութեան ու այս առընչութեամբ Եկեղեցւոյ յանձնառումին` ի սպաս միութեան, արժանապատուութեան ու աշխատանքի եւ Եպիսկոպոսներուն հետ միասին նորոգեց եկեղեցւոյ տրամադրութիւնը օժանդակելու հասարակաց բարիքի զարգացումին, յատկապէս խաղաղութեան եւ հաշտութեան փնտռտուքով։

Ֆրանչիսկոս Պապը խօսքը եզրափակեց իր ուրախութիւնը յայտնելով այս գեղեցիկ երկիրը այցելելուն համար որ կը գտնուի Ափրիկէի սրտին մէջ` երկիր մը` որուն ազգը խոր հոգեւորականութեամբ օժտուած է եւ որ հարուստ է բնական ու մշակութային ժառանգութեամբ։

Թող Կեդրոնական Ափրիկէի բնակչութիւնը, իր կառավարիչներուն հետ միասին արժեւորէ երկրին բարիքները` անդադար աշխատելով ի սպաս միութեան, մարդկային արժանապատուութեան եւ արդարութեան վրայ հիմնուած խաղաղութեան համար - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու խօսքը աւարտեց ըսելով ''Աստուած Օրհնէ ձեզ բոլորդ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.