2015-11-29 09:51:00

Ֆրանչիսկոս Պապ հրաժեշտ առաւ Ուկանտայէն եւ մեկնեցաւ Կեդրոնական Ափրիկէ։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 29 նոյեմբերի առաւօտեան Սրբազան Քահանայապետը հրաժեշտ առաւ Ուկանտայի առաքելական նուիրակութենէն եւ ուղղուեցաւ Էնթեպպէի միջազգային օդակայան եւ այնտեղ կայացած ողջերթի պաշտօնական արարողութենէն ետք մեկնեցաւ դէպի առաքելական ճամբորդութեան երրորդ ու վերջին հանգրուան` Կեդրոնական Ափրիկէի մայրաքաղաք Պանկի, ուր կը ժամանէ 2 ժամ 45 վայրկեան թռիչքէ ետք տեղական ժամով 10-ին շուրջ, որ կը համապատասխանէ Հռոմի նոյն ժամին։

Նշենք թէ Պանկին այցելած է նաեւ Յովհաննէս Պօղոս Բ սուրբ Քահանայապետը 1985 թուականին։

Նորին Սրբութեան ճամբորդութեան յայտագիրը կը նախատեսէ հանդիպում երկրին քաղաքական եւ դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ։  Այցելութիւն գաղթականներու մէկ ճամբարին։ Հանդիպում եպիսկոպոսներուն հետ ապա հանդիպում աւետարանական եկեղեցւոյ հասարակութեան հետ հուսկ Սուրբ Պատարագ` մասնակցութեամբ տեղական կղերական դասին Պանկիի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, որուն ընթացքին տեղի կ՛ունենայ նաեւ ողորմութեան սուրբ տարուայ Յոբելինական Սուրբ Դուռին բացման արարողութիւնը։

Օրակարգը վերջ կը գտնէ երեկոյեան` Ֆրանչիսկոս Պապին մի քանի երիտասարդներուն մատակարարած խոստովանանքի խորհուրդով եւ աղօթքի հսկումով։








All the contents on this site are copyrighted ©.