2015-11-29 18:00:00

Յոբելինական Սուրբ Դռան բացում ''քրիստոնեաները կանչուած են վկայելու Աստուած որ Սէր է''


(Ռատիօ Վատիկան) Աւետարանական Հասարակութեան հետ ունեցած հանդիպումի աւարտին Կիրակի 29  նոյեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 5-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Պանկիի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ գլխաւորեց  Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը մասնակցութեամբ տեղական կղերական դասին, որուն ընթացքին կանխաւ բացումը կատարեց Ողորմութեան Յոբելինական Պանկիի աթոռանիստ եկեղեցւոյ Սուրբ Դուռին։

Անարատ Յղութեան տաճար ժամանումին Նորին Սրբութիւնը  դիմաւորուեցաւ եկեղեցւոյ ժողովրդապետին կողմէ որ ապա Սրբազան Հայրը առաջնորդեց աւանդատուն հուսկ տեղի ուենցաւ Ողորմութեան յոբելեանի Սուրբ Դռան  բացման արարողութիւնը որուն յաջորդեց հանդիսաւոր սուրբ պատարագը։

Սուրբ Զոհի  ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Քահանայապետը շեշտը դրաւ երեք կարեւոր նիւթերու վրայ,  Անցնիլ այլ կեանքի. սիրել թշնամիներուն եւ Աստուած աւելի զօրաւոր է որովհետեւ սէր է։

Ֆրանչիսկոս  Պապ իր քարոզին սկիզբը  նշեց թէ այս յիսնակացի առաջին Կիրակին է որ է Քրիստոնեաներու յոյս եւ խորհրդանիշ Փրկիչին` սպասումի շրջանը։

Տէրն է որ իմ քայլերս ուղղեց դէպի այս երկիրը, Ողորմութեան Սուրբ Տարուան Յոբելեանին նախօրեակին ըսաւ Սրբազան Հայրը ուրախութիւն յայտնելով որ  առաքելական այցելութիւնը կը զուգադիպի Սուրբ Դռան բացումի արարողութեան։ 

Սուրբ Պետրոս եւ Յովհաննէսի նման որոնք ոչ ոսկի եւ ոչ ալ արծաթ ունէին տալիք անդամալոյծ կարիքաւորին ես ալ կու գամ ձեզի պարգեւելու Աստուծոյ զօրութիւնը որ կը բուժէ մարդը  ու անոր կու տայ նոր կեանք­, յարեց Ֆրանչսիկոս Պապը ու մատնանշեց թէ  Յիսուս մեզ միայնակ չ՛ուղարկէր ծովուն միւս ափը, այլ մեզ կը հրաւիրէ իր հետ միասին ընթանալու։ Ան ապա Կեդրոնական Ափրիկէի բնակիչները հրաւիրեց ձերբազատուելու բաժանումներէն եւ կազմելու Աստուծոյ ընտանիք -Եկեղեցի մը որ բաց ըլլայ բոլորին եւ խնամք տանի բոլոր կարիքաւորներուն։ Այս կ՛ենթադրէ մօտիկութիւն հանդէպ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն եւ կ՛ենթադրէ հաղորդութեան հոգի։

Սրբազան Հայրը ապա անդրադարձաւ քրիստոնեաներու կոչումին սիրելու թշնամիները որ է սիրոյ կատարելագործումը եւ որ կը կանխարգիլէ վրէժխնդրութիւնը հուսկ հրաւէր ուղղեց աւետարանումի գործիչներուն ըլլալու ''ներողութեան արհեստաւորներ, հմուտ հաշտութեան եւ ողորմութեան մասնագէտներ''  որպէսզի կարենանք օգնել մեր եղբայրներն ու քոյրերը անցնելու ծովուն միւս ափը անոնց յայտնելով մեր զօրութեան, մեր յոյսին եւ մեր ուրախութեան գաղտնիքը որոնք իրենց ակնաղբիւրը կը գտնեն Աստուծոյ մէջ, որովհետեւ հիմնուած են այն վստահութեան վրայ որ Ինք կը գտնուի նոյն նաւուն մէջ` մեզի հետ միասին։

Սրբազան Քահանայապետը  իր քարոզի աւարտին  հրաւէր ուղղեց վերագտնելու Աստուծոյ խոստացած փրկութեան առանձնայատկութիւնները որոնց առաջինը արդարութիւնն է եւ մենք որպէս քրիստոնեաներ կանչուած ենք ըլլալու արդարութեան վրայ  հիմնուած խաղաղութեան արհեստաւորներ։  Երկրորդ  առանձնայատկութիւնը Սէրն է որովհետեւ Աստուած միայն արդարութիւն չէ այլեւ եւ ամէնէն առաջ Սէր է։

''Ամենուրէք ու յատկապէս այնտեղ ուր կ՛իշխէ բռնութիւն, ատելութիւն, անարդարութիւն ու հալածանք, քրիստոնեաները կանչուած են իրենց վկայութիւնը տալու այն Աստուծոյն որ է Սէր'' ըսաւ Սրբազան Հայրը ապա կոչ ուղղեց մէկդի դնելու մահուան զէնքերը եւ զինուելու արդարութեան, սիրոյ եւ ողորմութեան զէնքերով որոնք խաղաղութեան երաշխիքներն են։ Ապա Քրիստոսի աշակերտներուն` քահանաներուն, կրօնաւորներուն եւ աշխարհական հաւատացեալներուն   պատգամեց որ անոնց կոչումը ըլլայ մարմնացնել Աստուծոյ սիրտն ու սէրը իրենց հայրենակիցներուն մօտ։

Սուրբ պատարագի եւ դռնբացի արարողութեան աւարտին  Սրբազան Քահանայապետը մի քանի երիտասարդներուն  մատակարարելէ ետք  խոստովանանքի խորհուրդը սկիզբ տուաւ երիտասարդներու աղօթքի հսկումին` վերջ տալով իր Կեդրոնական Ափրիկէին կատարած առաքելական ճամբորդութեան առաջին օրուան յայտագրին։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.