2015-11-29 13:26:00

Կաթողիկէ եկեղեցին Կեդրոնական Ափրիկէի մէջ


(Ռատիօ Վատիկան) Կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատմութիւնը Կեդրոնական Ափրիկէի մէջ սկիզբ առած է 1846- 1852  թուականներուն՝ երբ Կեդրոնական Ափրիկէ մուտք կը գործեն զանազան Միսիոնարական հայրեր որոնց շարքին ''Սուրբ Հոգի անուան'' միաբանութեան հայրերը, որոնք  Ուպանկի քաղաքին մէջ  հեռթափար  կը հիմնեն զանազան  միսիոնարական  կեդրոններ.

1929-ին. Կեդրոնական Ափրիկէ  կը հասնին Սուրբ Հոգի անուան  կրօնաւորուհիները. 1955-ին, կը հիմնուի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նուիրապետութիւնը եւ Պանկի քաղաքին մէջ կը հաստատուի Կաթողիկէներու Արքեպիսկոպոսարանը։

1966-2004. Խարթում քաղաքին մէջ հալածանքի ենթարկուող   հազարաւոր մարդիկ, որոնց մեծամասնութիւնը քրիստոնեաներ են փախչելով երկրէն կը հաստատուին  Կեդրոնական Ափրիկէի զանազան քաղաքներուն մէջ, Կաթողիկէ եկեղեցին, աջակցութեամբ միսիոնարական միաբանութիւններուն´ ի շարս  Քոմոպոնիան միաբանութիւնը կը բազմապատկեն իրենց առաքելական ձեռնարկները հիմնելով զանազան ժողովրդապետութիւններ եւ բազմապատկելով  կրօնաւորներուն թիւը երկրին մէջ.

1985-ին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետ կ´այցելէ Կեդրոնական Ափրիկէ

Կեդրոնական Ափրիկէ բնակչութեան թիւն է 4.621.000. որուն 37.3 առ հարիւրը կաթողիկէ են, իսկ փոքրամասնութիւնը` 15 առ հարիւրը՝ մահմետականներ։

Պանկիի թեմը հիմնուած է 28 մայիս 1940-ին. կազմակերպուած է իր  25 ժողովրդապետութիւններով. որոնց մէջ կը գործեն 35 թեմական քահանաներ եւ 78 կրօնաւորներ։ Թեմը ունի 36 դաստիարակչական կեդրոններ ինչպէս նաեւ 9 բարեսիրական հաստատութիւններ,

Թեմին արքեպիսկոպոսն է Գերպայծառ Տիոտոնէ Նզափալէնկա 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.