2015-11-28 09:23:00

Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Անկլիգաններու եւ Կաթողիկէներու նահատակաց սրբավայրերը։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 28 նոյեմբերին, Ուկանտայի ժամով առաւօտեան ժամը 8.00ին, իսկ Հռոմի ժամով 6.00ին, Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Քամփալայի Նամուկոնկոյի Անկլիգան նահատակներու սրբավայրը, ուր նահատակուած են 25 Ուկանտացի կաթողիկէ եւ Անկլիգան հաւատացեալներ (1884-1887), որոնց մասունքները կը գտնուին սրբավայրին մօտ գտնուող մատրան մը մէջ։

Անկլիգաններուն սրբավայր ժամանումին , Ֆրանչիսկոս Պապ  դիմաւորուեցաւ  Անկլիգաններու Արքեպիսկոպոսի կողմէ, ապա բացումը կատարեց  վերանորոգուած մատրան մէջ զետեղուած  յուշատախտակի մը ապա ուղղուեցաւ Ուկանտացի նահատակներուն սպանութեան վայրը։  40 Ուկանտացի Անկլիգան եպիսկոպոսներու ներկայութեամբ,  Ֆրանչիսկոս Պապ յարգանքի տուրք մատուցեց նահատակներու յիշատակին՝ պահ մը լռելեան աղօթք մը կատարեց ապա հրաժեշտ առնելով Անկլիգան եպիսկոպոսներէն ուղղուեցաւ Մամուկոնկօ քաղաքի կաթողիկէ  ազգային սրբավայր, որ կը գտնուի Անկլիգաններու սրբավայրէն 3 քմ հեռաւորութեան վրայ։

Կաթողիկէ ազգային սրբավայրը  կառուցուած է  հսկայ բնական հանրային պարտէզի մը տարածքին ուր յաճախ կրօնական բացօթեայ արարողութիւնները կը կատարուին։Եկեղեցւոյ կերպարանաձեւը կը վերակոչէ Պականտա ցեղի աւանդական խրճիթները,ան կառուցուած է 22 սիւներու վրայ որոնք կը խորհրդանշեն  կաթողիկէ 22 նահատակները։Տաճարի մուտքին դիմաց կեդրոնական խորանին տակ , 3 յունիս 1886-ին, ողջ ողջ հրկիզուած է Սուրբ Քարլօ Լվանկան։ 

Սուրբ Քարլօ Լվանկա ծնած է Պուլիմու քաղաք 1865ին եւ նահատակուած է Նամուկոնկոյի մէջ՝ 3 յունիս 1886-ին, քրիստոնեաներու դէմ ծանր հալածանքի շրջանին։Սուրբ Քարլօ, Ուկանտացի նահատակներէն ամէնէն հռչակաւոր եւ անուանի Սուրբն է ։Ան՝  Ուկանտացի այն Կաթողիկէ եւ Անկլիգան հաւատացեաներուն հետ , մահի դատապարտուած է եւ ողջ ողջ հրկիզուած  Նամուկոնկոյի մէջ։ Երանելի հռչակուեցաւ 6 յունիս 1920-ին, Պենետիկտոս ԺԵ քահանայապետի կողմէ ապա Սուրբ Հռչակուեցաւ երանելի Պօղոս Զ Քահանայապետի օրով ՝ Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովի ընթացքին` 8 հոկտեմեր 1964-ին։ Անոր դամբանը ուխտագնացութեան վայր դարձած է բազմաթիւ Ուկանտացիներուն համար։ Սուրբին ծիսական տօնը եւ ուխտագնացութեան օրը կը նշուի 3 յունիսին։

Կաթողիկէ ազգային սրբավայրի Եկեղեցւոյ օծումը կատարած է երանելի Պօղոս Զ Քահանայապետ, 1969-ին Ուկանտա կատարած առաքելական ճամբորդութեան վերջին օրը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.