2015-11-28 14:44:00

Ուկանտացի երիտասարդներուն հետ հանդիպում ''Յիսուսի առջեւ ձեր դռները բացէք ''։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ` 28 Նոյեմբերի յետմիջօրէին` Սրբազան Քահանայապետը Քամփալայի մէջ հանդիպեցաւ Ուկանտացի երիտասարդներուն հետ ''Քոլոլօ Էր Սթրիփ'' երբեմնի օդակայանի տարածքին` որ կարող է համախմբել 100 հազարէ աւելի մարդ։ Հանդիպման ներկայ էին նաեւ դաստիարակչական եւ մարզանքի աշխարհի պատասխանատուներու կազմը ինչպէս նաեւ 200 խուլ ու համր երիտասարդներ եւ գաղթական պատանիներ։

Հանդիպումը` որ ինչպէս միշտ բացօթեայ տօնախմբութիւն մըն է սկիզբ առաւ երգեցողութիւններով ապա տեղի ունեցան երիտասարդներու վկայութիւններ հուսկ աշխարհականներու հովութեան խնամակալութեան պատասխանատու եպիսկոպոս` գերապայծառ Փոլ Սեմոկերեթէի ելոյթը որմէ ետք Ֆրանչիսկոս Պապ իր սրտաբուխ  խօսքը արտասանեց շեշտը դնելով երեք կարեւոր կէտերու վրայ. Յաղթահարել դժուարութիւնները, ժխտականը փոխակերպել դրականի եւ աղօթել։

Սրբազան Քահանայապետը իր պատգամը սկսաւ մատնանշելով երիտասարդներուն ներկայացուած վկայութիւններուն եւ անոնց ապրած ժխտական փորձառութիւններուն  դիտել տալով թէ կեանքին մէջ կրնան շատ մը հրաշքներ պատահիլ եւ շատ մը պատնէշներ կը փլուզուին ու նոր հորիզոններ կը բացուին եւ այս մէկը կարելի է Յիսուսի զօրութեամբ` որ  նեղութիւնը կը  փոխակերպէ յոյսի։

Յիսուս ամէն ինչ է, ըսաւ Սրբազան Պապը, Յիսուս ինք եւս ապրեցաւ ժխտական փորձառութիւններ ան վտարուեցաւ, հալածուեցաւ եւ սպաննուեցաւ, սակայն Ան` Աստուծոյ զօրութեամբ Յարութիւն առաւ եւ Ան մեզմէ ամէն մէկուն մէջ կարող է նոյնը իրագործել, որովհետեւ Յիսուս Տէրն է։

Սրբազան Հայրը ապա ակնարկեց Մանուէլ անունով երիտասարդի վկայութեան որ ականատես եղած էր իր բարեկամներու սպանութեան ու հալածանքին եւ ընդգծեց թէ որքանով ան քաջութիւն ունեցած է դիմագրաւելու այդ ահռելի պահերը պարզապէս դիմելով Յիսուսին։

Մեր կեանքը կը նմանի սերմի մը` որ կրնայ ապրիլ կամ մեռնիլ եւ շատ անգամ մեռնիլ` այնպէս ինչպէս մեռան Ուկանտայի նահատակները­, կրնայ նոր կեանք մը յարուցել եւ ժխտականը կը դառնայ դրական ու ես կը դառնամ յաղթական, ու այս մէկը կ՛իրականանայ միայն Յիսուսի շնորհքով, ըսաւ Սրբազան Հայրը հրաւիրելով երիտասարդները իրենց կեանքի ժխտական իրողութիւնները փոխելու դրականի, ոխը` սիրոյ, պատերազմը `խաղաղութեան... դուք գիտակից ըլլալու էք թէ մարտիրոսներու ազգ մըն էք, ձեր երակներուն մէջ կը հոսի մարտիրոսներուն արիւնը եւ ասոր համար դուք ունինք կեանքի հաւատքը։ Ու ձեր այս կեանքն ու հաւատքը այնքան գեղեցիկ են որ նկատուած է Ափրիկէի մարգարիտ։

Յիսուս կարող է տապալել բոլոր պատնէշները։ Ան կրնայ քու կեանքդ փոխել ու զայն դարձնել ծառայութիւն` ուրիշներուն համար, յարեց ապա Քահանայապետը հրաւէր ուղղելով երիտասարդներուն դիմելու Յիսուսին աղօթքով։ Յիսուս մեզ կը սիրէ, Ան կը սիրէ բոլորը եւ կ՛օգնէ բոլորին։ Ասոր համար բացէք ձեր դռները Յիսուսի առջեւ։ Թոյլ տուէք որ Ան մուտք գործէ ձեր կեանքին մէջ, որպէսզի Ան  օգնէ մեզ պայքարելու կեանքի դժուարութիւններուն դէմ։

Մենք` ըսաւ Սրբազան Հայրը պէտք է նմանինք մանուկին որ երբ գետին կ՛իյնայ կամ հարց մը ունի կը դիմէ իր մօր, մենք եւս դիմելու ենք մեր Մօրը` Մարիամին, անոր բարեխօսութիւնը հայցելով։

Յաղթահարել դժուարութիւնները ժխտականը փոխակերպել դրականի եւ աղօթել, այս երեք պատգամները կու տամ ձեզի, երբ Յիսուս կը մտնէ մեր սրտին մէջ կը փոխէ մեր կեանքը. Ան եկաւ զիս փրկելու եւ իր կեանքը տուաւ ինծի համար։ Ան միակ Տէրն է որուն պէտք է աղօթենք եւ դիմենք նաեւ մեր Մօր` որուն անունն է Մարիամ։

''Շնորհակալ եմ ձեզի որ մտիկ ըրիք ինծի։ Ձեզի շնորհակալ եմ որովհետեւ կ՛ուզէք փոխել ժխտականը դրականի եւ որովհետեւ չարին դէմ կ՛ուզէք պայքարիլ Յիսուսին հետ, եւ որովհետեւ պիտի չի դադրիք աղօթելէ'' ըսաւ Սրբազան Հայրը իր պատգամին աւարտին ու հրաւիրեց երիտասարդները միասնաբար աղօթելու Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթքը։

Աստուած օրհնէ ձեզ Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ եւ բարեհաճեցէք աղօթել ինծի համար ըսաւ Սրբազան Հայրը եզրափակելով իր ճառը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.