2015-11-28 12:52:00

Նալուքոլոնկոյի մէջ ՝՝Սիրոյ Տունը՝՝


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Պապ Ուկնատա կատարած առաքելական այցելութեան ծիրէն ներս, շաբաթ 28 նոյեմբերին այցելեց Ուկնատայի ''Ողորմութեան տունը՝՝  որուն հիմնադիրը եղած է  է՝ կարդինալ  Էմմանուէլ Քիքվանուքա Նսուպուկայ

Սիրոյ Տունը հիմնած է  1978-ին, եւ որուն հոգածութիւնը յանձնած է կարդինալ  Էմմանուէլ Քիքվանուքա Նսուպուկայի կողմէ հիմնուած  Բարի Սամարացի Քոյրերուն միաբանութեան մինչ կարդինալը փաքաք յայտնած է որ իր մահունէ ետք դիակը  զետեղուի ողորմութեան տան մէջ։

Ողորմութեան տան մէջ կը հիւրընկալուին  եւ կը  խնամուին զանազան կրօններու պատկանող հարիւրաւոր աղքատներ՝ անկախ իրենց տարիքէն,  մանուկ հասակէն մինչեւ երեցներ։

Նշենք, թէ ողորմութեան  տան  մէջ գտնուող հիւրերէն մին փողոցներու մէջէն հաւաքուած հարիւր տարեկանէն աւելի ծերուկ հայրիկ  մըն է։

ողորմութեան տան մէջ գտնուող մատուրը՝ նուիրուած է Ուկանտայի մարտիրոսներուն նախ քան անոնց սրբադասումը,  որուն օծման արարողութիւնը կատարուած  է 3 յունիս 1929-ին։ Արժանի է նշել նաեւ  թէ ողորմութեան Տան պարտէզին մէջ կը գտնուի 136 տարեկան ունեցող ծառ մը որ տնկած էր Ուկանտայի առաջին աւետարանի քարոզիչներէն  մին՝ հայր Լուրտել ։

Նշենք թէ կարդինալ  Էմմանուէլ Քիքվանուքա Նսուպուկայ եղած է Քամփալա թեմի առաջին եպիսկոպոսը 1966-1990։

Ան անուանի է՝ մարդկային իրաւունքներուն բռնութիւններուն դէմ  հրապարակային  պայքարով։ Եղած է Երանելի Պօղոս Զ Քահանայապետի 1969-ին, Ուկանտա կատարած ճամբորդութեան կազմակերպողներէն մին։








All the contents on this site are copyrighted ©.