2015-11-28 09:56:00

«Հայր Վարդան Աշգարեան» փողոցի բացման պաշտօնական հանդիսութիւն


Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին հովանաւորութեամբ, Հազմիէի քաղաքապետարանին կազմակերպութեամբ, երէկ` ուրբաթ, 27 նոյեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին Հազմիէի Մխիթարեան վանքին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայր Վարդան Աշգարեան» փողոցի անուանակոչութեան նուիրուած պաշտօնական հանդիսութիւն: Ներկայ էին Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխաններ Ալեն Աուն եւ Հիքմաթ Տիպ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, Պուրճ Համուտի, Այնճարի, Շուէյֆէթի, Հազմիէի քաղաքապետեր, Հիւսիսային Մեթնի քաղաքապետարաններու միութեան նախագահը, ինչպէս նաեւ քոյր եկեղեցիներու, կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ:

Հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Հազմիէի շրջանի քայլերգներու ունկնդրութեամբ: Օրուան հադիսավարը Արամ Գարատաղլեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք ելոյթ ունեցաւ գրագէտ ու թարգմանիչ Ժիւլի Մրատ, որ թարգմանած է Վարդան Աշգարեանի գիրքերէն: Ան ըսաւ, որ գերապայծառը հաւատքի եւ սիրոյ մարմնացում էր, համեստութեան եւ խոնարհութեան լաւագոյն թարգմանն էր ու վկան: Ժիւլի Մրատ ընթերցեց Վարդան Աշգարեանի գիրքերէն հատուածներ, որոնք կը խօսէին մօր, սիրոյ, համեստութեան եւ ազնուութեան մասին: Ան աւարտեց իր խօսքերը  շնորհակալութիւն յայտնելով Հազմիէի քաղաքապետարանին` այս նախաձեռնութեան համար եւ ըսաւ. «Այս արարքով հայր Վարդան Աշգարեան պիտի դառնայ այս երկրի մասնիկներէն մէկը եւ հողին վրայ փորագրուած անուն մը: Աւարտին Ժ. Մրատ ընթերցեց Աշգարեանի ոտանաւորներէն մին, որ նուիրուած է Լիբանանի հողին:

Ապա խօսք առաւ հաղորդավար եւ լրագրող Փոլա Եագուպեան, որ իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց հայր Յովսէփ Թոփալեանին` այս նախաձեռնութեան համար: Ապա տուաւ իր կենդանի վկայութիւնը: Որպէս Մխիթարեան վարժարանի աշակերտ, ան գեղեցիկ ոճով պատմեց իր մանկութեան տարիներու դպրոցական յուշերէն, որոնք զինք կը կապեն Մխիթարեան վանքին եւ մանաւանդ բոլորին սիրելի հայր Վարդան Աշգարեանին: Փոլա Եագուպեան ըսաւ, թէ ինք պատերազմի սերունդէն է եւ այդ ծանր ու դժուար օրերուն Մխիթարեան կրթական հաստատութեան մէջ գտած է գուրգուրանք, սէր, կարեկցանք, ներողամտութիւն:

Ան աւարտեց խօսքը` ըսելով, թէ պիտի շարունակէ մնալ այս կրթական հաստատութեան կողքին, որ խթան հանդիսացած է իր եւ բազմաթիւ աշակերտներու յաջող վերելքին:

Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ հայ կաթողիկէ «Պլպուլ» երգչախումբը` խմբավարութեամբ Մանուէլ Քէշիշեանի, եւ ներկայացուց փունջ մը հայերէն եւ արաբերէն երգեր:

Խօսք առաւ նաեւ Հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Գէորգ Ծ. վ. Եղիայեան, որ ըսաւ, թէ հայր Վարդան Աշգարեանի մարդկային յատկութիւնները, անոր հաւատարմութիւնը եւ անկեղծութիւնը զայն սիրելի դարձուցին ժողովուրդի բոլոր խաւերուն:

Եղիայեան նշեց, թէ Աշգարեան հրաժարեցաւ աշխարհի նիւթեղէն կեանքէն եւ ըմբոշխնեց Մխիթարեան հայրերու հոգեւոր աղբիւրներու շնորհները` ընդգծելով, որ հայր Վարդան Աշգարեան կը տածէր մեծ սէր իր մայրենի լեզուին նկատմամբ: Ան կեանքը ապրեցաւ խոնարհ, բայց մնաց աններող եւ անզիջող անարդարութեան հանդէպ:

Հայր Եղիայեան յայտնեց նաեւ, թէ Աշգարեան տէր ու պաշտպան մնաց եկեղեցական եւ աստուածաշնչային սկզբունքներուն` աւելցնելով, որ հայրենասիրական ոգին զինք կը մղէր պաշտելու Հայաստանը եւ Լիբանանը միեւնոյն ատեն: Խօսքը եզրափակելով ան ըսաւ, որ ձեռնարկը առիթ է յիշելու հայր Վարդան Աշգարեանի անձնուիրութիւնը, բարիքներն ու անփոխադարձ սէրը:

Ելոյթ ունեցաւ Մարինէ Հալլաճեան, որ ջութակով ներկայացուց երկու երաժշտական կտոր:

Հազմիէի քաղաքապետ Ժան Էլիաս Ասմար իր խօսքին մէջ ողջունեց բոլոր ներկաները, ապա անդրադարձաւ այն ջերմ յարաբերութեան, որ կայ Մխիթարեան վանքի հայրերուն հետ, մասնաւորաբար` հայր Վարդան Աշգարեանի: Ան նկատել տուաւ, թէ պատերազմի տարիներու հայր Վարդան Աշգարեան ի գործ դրաւ մեծ ջանք` ժողովուրդի զաւակներուն օգնելու, կարօտեալին հասնելու, անօթիին կերակրելու եւ մանաւանդ հայ փոքրիկները հայկական վարժարանին մէջ պահելու: Ան ըսաւ, թէ Հազմիէի քաղաքապետարանին համար մեծ պատիւ է փողոց մը անուանել հայր Վարդան Աշգարեանին անունով, որովհետեւ ան արժանի էր այդ անմահութեան:

Քաղաքապետը նշեց նաեւ, թէ վանքի բոլոր դժուարութիւնները կարելի եղած է յաղթահարել շնորհիւ համագործակցութեան ու անկեղծ յարաբերութեան, ան աւելցուց, որ 26 մարտ 2015-ին պետական որոշումով յանձն առնուեցաւ փողոցը կոչել գերապայծառ Վարդան Աշգարեանի անունով: Այս ծրագիրին իրականացման համար Հազմիէի քաղաքապետը մեծապէս շնորհակալութիւն յայտնեց  երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին` այս ծրագիրին միտքը յղանալուն համար, ապա կոչ ուղղեց բոլորին եւ մանաւորաբար հայ կաթողիկէ համայնքին` տէր կանգնելու պատմական նշանակութիւն ունեցող այս մեծ ու հարուստ կառոյցին:

Խօսք առաւ նաեւ հայր Յովսէփ Թոփալեան, որ պատմական այս իրադարձութեան առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրականացուցին այս ծրագիրը` հաստատելով, որ Մխիթարեան հայրերուն համար մեծ պատիւ է այս նախաձեռնութիւնը: Ան շեշտեց, որ պիտի շարունակեն սիրոյ եւ ծառայութեան փարոս դառնալ բոլոր անոնց, որոնք կը փնտռեն կարեկցանք եւ գութ, սէր եւ գուրգուրանք:

Ան հաստատեց, որ պիտի չհեռանան Հազմիէ շրջանէն, մանաւանդ հայր Վարդան Աշգարեանի փողոցէն: Խօսքի աւրտին հայր Յովսէփ Թոփալեան յուշանուէրով մը պատուեց Հազմիէ շրջանի քաղաքապետ Ժան Էլիաս Ասմարը:

Խօսք առաւ Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքի ներկայացուցիչ Գէորգ եպս. Ասատուրեան: Ան եւս իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ հայր Վարդան Աշգարեանի մարդկային վեհ արժանիքներուն, առաքինութիւններուն, մատնանշեց անոր կապուածութիւնը ազգին, հայրենիքին ու յատկապէս Լիբանանին եւ Հազմիէին: Գէորգ եպս. ըսաւ, որ գերապայծառ Աշգարեան մինչեւ իր կեանքին աւարտը մնաց ջատագովը եղբայրութեան, խաղաղ համակեցութեան, համերաշխութեան ու մանաւանդ անվերապահ սիրոյ:

 

Հանդիսութենէն ետք բոլոր ներկաները` ՀԿՄ-ի շեփորախումբին նուագակցութեամբ համախմբուեցան «Հայր Վարդան Աշգարեան» փողոց, ուր տեղի ունեցաւ ժապաւէնի հատում:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.