2015-11-27 12:07:00

Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Ուկանտայի Մունիոնյօ Սրբավայրը


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 27 նոյեմբերին, Ուկանտայի ժամով յետմիջօրէին 6.30ին, իսկ Հռոմի ժամով 16.30-ին, Ուկանտայի նախագահին հետ հանդիպումին աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝ուղղուի դէպի Մունիոնյօ սրբավարը, որ կը գտնուի Նախագահական Պալատէն 38 քմ հեռաւորութեան վրայ։

Մունիոնյօ սրբավայրը, այն վայրն է ուր ՝երկրին Մվանկա թագաւորը որոշում առած էր  բնաջնջել քրիստոնեաները եւ նոյն վայրին մէջ 25-26 մայիս 1886-ին, նահատակ ինկած են  Ուկանտայի առաջին չորս մարտիրոսները,  որոնց շարքին, կրօնուսոյցներուն պաշտպան Սուրբ ՝ Սուրբ Անտրէա Քակվան։ Վերոյիշեալ նահատակները, Ուկանտայի եկեղեցւոյ  կեանքին մէջ միշտ  ունին յատուկ տեղ եւ կը ներկայացնեն անոր կենսական ուժը։  

Մունիոնյօ սրբավայրը, Ուկանտացիներուն ամէնէն յաճախած սրբավայրն է եւ ասոր համար

սրբավայրին մէջ գտնուող  եկեղեցին, վերջին տարիներուն ենթարկուած է ընդլայնման աշխատանքներուն։

Նշենք թէ Ուկանտայի կրօնուսոյցները ամէն տարի  կը հաւաքուին Մունիոնյօ սրբավայրին մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ, սրբավայրին տուած այցելութեան ընթացին, կը հանդիպի նաեւ կրօնուսոյցներու եւ  Ուկանատացի ուսուցչական կազմի ներկայացուցիչներուն հետ։

 

Սուրբ Անտրէան Քակվա, Ուկանտայի կրօնուսոյցներու եւ ուսուցչիներու պաշտպան սուրբն է։ Ան ծնած է 1856,ին եւ նահատակուած է 1886-ին։  Եղած է երկրի թագաւոր Մվանկա Բ –ի շեփորախումբի պետը .

Ան դարձի եկած  եւ մկրտուած է 30 ապրիլ 1882-ին ապա  սպաննուած է քրիստոնեաներու դէմ հալածանքի շրջանին։

Սուրբ Անտրէ երանելի հռչակուեցաւ, Պետնետիկոս ԺԵ քահանայապետի կողմէ 6 յունիս 1920-ին` ապա Սուրբերու շարքին դասուեցաւ 8 հոկտեմբեր 1964-ին, երանելի Պօղոս Զ Քահանայապետի օրով։

 

Ֆրանչիկսոս Պապ Մունիոնյօ սրբավայր ժամանումին, կը դիմաւորուի Ֆրանչիսկեան միաբանութեան մեծաւոր հօր կողմէ որոնց մատակարարութեան յանձնուած է սրբավայրը, ներկայութեամբ Մունիոնյօ հասարակութիւններու հինգ  ղեկավարներու որոնք Սրբազան Հայրը կ՝առաջնորդեն  եկեղեցի  ուր Նորին Սրնութիւնը կ՝օրհնէ նոր եկեղեցւոյ կառուցման առաջին քարը, ապա տեղի կ՛ունենան Քամփալա թեմի արքեպիսկոպոս գերապյածառ Չիերիան Քիզիթօ Լուանկայի բարի ողջոյնի խօսքը որմէ ետք ելոյթ կ՛ունենայ նաեւ կրօնուսոյց մը ապա տեղի կ՛ունենայ Ֆրանչիկոս պապին պատգամը։

Հանդիպման աւարտին Սրբազան Քահանայապետը ծառ մը կը տնկէ Քամփալայի եպիսկոպոսին, Օրթոտոքս եւ Անկլիքան եկեղեցիներու ղեկավարներուն հետ միասին խորհրդանշելու համար Ուկանտացի նահատակներուն Էքումենիք ծաւալը։

 

Սրբազան Հայրը ապա կ՛օրհնէ Սուրբ Անտրէ Քակուայի նորակառոյց արձանը որ զետեղուած է անոր նահատակութեան վայրին մէջ հուսկ ողջունելէ ետք արարողութեան ներկաները կ՛ուղղուի Քամփալայի առաքելական նուիրակութիւն ուր կը գիշերէ։
 








All the contents on this site are copyrighted ©.