2015-11-27 09:27:00

Անարատ Յղութեան Հայ քոյրերը Ջաւախքի մէջ կը հիմնեն մանկապարտէզ


Վերջերս Նինոծմինտայի քաղաքապետութեան Հեշտիա գիւղին մէջ բացումը կատարուեցաւ նոր մանկապարտէզին  Հայ կաթողիկէ Անարատ Յղութեան մայրապետներուն նիւթական յատկացումով: Մանկապարտէզի տուեալ շէնքը կը պատկանի Հեշտիա գիւղի կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ աւելի քան տասը տարիէ ի վեր անիկա կը գործէ իբրեւ հիւանդանոց: Դպրոցին մէջ կան բոլոր պայմանները` երեխաներու բնական եւ յարմարաւէտ դաստիարակութեան համար: Ներկայ դրութեամբ մանկապարտէզ կը յաճախեն աւելի քան 50-է աւելի երեխաներ. կը ծրագրուի մէկ խումբ եւս աւելցնել:








All the contents on this site are copyrighted ©.