2015-11-26 16:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Նայրոպիի մէջ Միացեալ Ազգերու գրասենեակը ։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի` 26 նոյեմբերի երեկոյեան, 11-րդ առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այցելեց Նայրոպիի մէջ Միացեալ Ազգերու գրասենեակը ''U.N.O.N.''։

Միացեալ Ազգերու գրասենեակի կեդրոնի մուտքին Սրբազան Քահանայապետը դիմաւորուեցաւ կեդրոնի ընդհանուր տնօրէն` Տիկ Սահլէ-Ուորք Զէուտէի ու անոր գործակիցներու կողմէ որոնք ապա Ֆրանչիսկոս Պապը առաջնորդեցին կեդրոնի պարտէզը ուր կատարուեցաւ ծառատունկ որմէ ետք Սրբազան Հայրը ուղղուեցաւ Միացեալ Ազգերու գրասենեակի համաժողովի սրահ ուր ներկայ էին երեք հազար անձնաւորութիւններ, խորհրդականներ, պատուիրակներ, եւ դիւանագիտական մարմնի անդամներ։

Հանդիպումի սկիզը խօսք առին Միացեալ ազգերու գրասենեակի ընդհանուր տնօրէնը եւ գործադիր երկու տնօրէնները որոնցմէ ետք ելոյթ ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնելով իրեն ուղղուած բարի գալուստի խօսքերուն համար ու մատնանշեց` սրահ չհասած տեղի ունեցած ծառատունկի արարողութեան` որ ''յատկանշական ու իմաստալից է բազմաթիւ մշակոյթներու համար'։

Սրբազան Հայրը իր ճառին մէջ շեշտեց երեք կարեւոր կէտեր. Կենսոլորտի պահպանութիւնը. Միասնական պատասխանատու թիւնը եւ անկանոն քաղաքաշինութեան հարցը։

Ծառ տնկելը, ըսաւ Սրբազան Հայրը,  հրաւէր մըն է  շարունակելու պայքարը ընդդէմ անտառահատումին եւ անապատացումին։ Ան մեզ կը յիշեցնէ մեր պատասխանատուութեան կարեւորութիւնը հանդէպ բնութեան եւ մարդկութեան ապագային ու ասոր համար քաջալերանքի արժանի են միջազգային այն կազմակերպութիւնները որոնք կը գործեն ի սպաս բնապահպանութեան յայտնեց Նորին Սրբութիւնը ընդգծելով ծառատունկը որպէս յոյսի ներշնչումի աղբիւր եւ յանձնառում ու մատնանշեց յառաջիկայ օրերուն բնապահպանութեան հայող Փարիզի Կլիմայական Փոփոխումներու մասին վեհաժողովին ''քոփ21''։

Մէջբերելով իր` բնապահպանութեան մասին հրատարակած ''Գովեալ ըլլաս'' շրջաբերականէն հատուածներ, Սրբազան Հայրը հաստատեց որ տխուր երեւոյթ պիտի ըլլար,  առ աւելին աղէտալի` եթէ անհատական շահերը գերակայեն հասարակաց բարիքին վրայ եւ ծրագիրներ պաշտպանելու համար  շահարկուին ու կեղծուին տեղեկութիւնները։

Բնութիւնը հասարակաց բարիք մըն է որ կը պատկանի բոլորին եւ բոլորին համար է եւ կլիմայական փոփոխութիւնները համաշխարհային հարց մըն են­, ասոր համար պատասխանը ըլլալու է համաշխարհային, նկատի առնելով բոլորին իրաւունքը ու յատկապէս անոնցը որոնք անբարենպաստ պայմաններու մէջ կ՛ապրին - ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով թէ ''կը գտնուինք քաղաքական եւ տնտեսական մեծ յանձնառումի դիմաց` վերաքննելու եւ շտկելու աղաւաղումները ներկայ զարգացման գործընթացքին'' ու  մաղթանք յայտնեց որ Փարիզի համաձայնութիւնը այս ուղղութեամբ մեծ պատասխան մը պարգեւէ։

Սրբազան Հայրը հաստատեց թէ ոչ մէկ երկիր կարող է գործել միասնական պատասխանատուութիւնէն դուրս եւ եթէ իսկապէս կ՛ուզենք դրական փոփոխութիւններ կատարել խոնարհաբար ընդունելու ենք մէկը միւսէն մեր փոխ-կախուածութիւնը որ պարտադրումի կամ  համակերպութեան հոմանիշ մը չէ եւ որուն ձգտելու համար անհրաժեշտ է բաց ու անկեղծ երկխօսութիւն ինչպէս նաեւ պատասխանատու համագործակցութիւն ընդմէջ քաղաքականութեան, գիտութեան եւ տնտեսութեան։ Ասոր համար հարկաւոր է որ քաղաքականութիւնը եւ տնտեսութիւնը դրուին ժողովուրդներու ծառայութեան ի սպաս ինչպէս նաեւ զարգացնելու դաստիարակութիւնը եւ կազմաւորումը։  Հարկ է ուրեմն ստեղծել խնամակալութեան նոր մշակոյթ մը` խնամք անձին, խնամք ուրիշներուն եւ խնամք կենսոլորտին։

Սրբազան Քահանայապետը ապա զգուշացուց ''անտարբերութեան համաշխարհայնացումէն'' որ մեզ կը վարժեցնէ ուրիշին ցաւը տեսնել որպէս բնական երեւոյթ եւ կամ վարժութիւն դարձնել ընկերային բացառումները, ստրկութիւնը, մարդավաճառութիւնը, բռնի աշխատանքը, պոռնիկութիւնը եւ մարմնի անդամներու վաճառքը եւ գաղթականութեան երեւոյթի ծաւալումը։

''Մենք չենք կրնար անտարբեր մնալ այս բոլորին դիմաց։ Իրաւունք չունինք'' յարեց Սրբազան Հայրը ու խօսքը կեդրոնացուց անկանոն քաղաքաշինութեան հարցին վրայ որուն հետեւանքները յաճախ աղէտալի են ու մատնանշեց Քիթոյի 2016-ի հոկտեմբերին կայանալիք ''Հապիթաթ 3'' համաժողովին եւ Նայրոպիի մէջ մի քանի օրէն գումարուելիք  ''համաշխարհային առեւտուրի նախարարական 10-րդ ժողովին'' յոյս յայտնելով որ այս երկու հաւաքները կարենան համապատասխան լուծումներ գտնեն հարցերուն յատկապէս նկատի ունենալով հաւաքական տան խնամքը եւ մարդկային միասնական զարգացումը։

''Ափրիկէն աշխարհին կը նուիրէ բնական հարստութիւններ ու գեղեցկութիւն որոնք մեզ կը մղեն փառաբանելու Արարիչը։ Այս Ափրիկեան ժառանգութիւնը  թիրախ է կործանումի եւ զոհ է մարդկային եսասիրութեան'' ըսաւ Սրբազան Հայրը իր երկարաշունչ ճառին աւարտին դրուատելով բնութեան հարստութիւններու չարաշահումները ու կոչ ուղղելով միջազգային հասարակութեան աւելիով ջանք դափելու եւ կասեցնելու անօրինական իրողութիւնները, հրաւիրելով մէկդի դնել անձնական ու մասնակի շահերը  ու աշխատիլ եւ գործել ի սպաս հասարակաց բարիքին։

Սրբազան Քահանայապետը ճառը եզրափակեց վերանորոգելով Կաթողիկէ հասարակութեան յանձնառումը` աղօթելու եւ համագործակցելու որպէսզի Ափրիկէի մէջ իրագործուած ծրագիրները միշտ նկատի առնեն այս երկրի զաւակներուն հասարակաց բարիքը հուսկ բոլորին վրայ հայցեց Աստուածային օրհնութիւններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.