2015-11-26 07:30:00

Քենիայի մէջ Միջ-կրօնական եւ համամիութենական հանդիպում ''Ծառայենք խաղաղութեան Աստուծոյ''։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Քենիայի կատարած առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ օրուայ յայտագիրը սկիզբ առաւ առաւօտեան կանուխ` տեղական ժամով 8,15-ին (Հռոմի ժամով 06,15-ին), Նայրոպիի Առաքելական նուիրակութեան մէջ կայացած Միջ-կրօնական եւ համամիութենական մէկ հանդիպումով որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Քենիայի  Քրիստոնեայ զանազան յարանուանութիւններու կրօնապետերը` Անկլիքան, Աւետարանական, Մեթոտիստ, Պենտեկոստական, եւ Ափրիկեան Ինլանտ եկեղեցին, ինչպէս նաեւ այլ կրօններու պատկան ներկայացուցիչներ ` աւանդական, կռապաշտ եւ մահմետական, ու քաղաքացիական աշխարհը ներկայացնող 7 անձնաւորութիւններ, որոնք  կը գործեն Միջ-կրօնական երկխօսութեան զարգացման ծիրէն ներս։

Հանդիպումը սկիզբ առաւ Քենիայի եկեղեցւոյ Միջ-կրօնական երկխօսութեան գրասենեակի պատասխանատու` գերապայծառ Փիթեր Քայրոյի ելոյթով որուն յաջորդեց Անկլիքան եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Էլիուտ Արքեպիսկոպոս Ուապուքալայի զեկոյցը հուսկ Մահմետական հասարակութիւնը ներկայացնող Տիար Ապտուլկաֆֆուր Էլ Պուսայտիի ողջոյնի խօսքը որմէ ետք խօսք առաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու ներկաներուն փոխանցած պատգամին մէջ շեշտեց երեք կէտեր` ''Կրօնական դաւանանքներու դերակատարութիւնը ու միջ-կրօնական երկխօսութիւնը. Ծառայել խաղաղութեան Աստուծոյն` առանց երբեք արդարացնելու ատելութիւնն ու բռնութիւնը եւ Վատիկանեան Բ Տիեզերական Ժողովը. միասնական յանձնառում եւ իրարահասկացողութիւն''։

Ֆրանչիսկոս Պապ յայտնեց թէ  կրօններու միջեւ յարաբերութիւնը  կը գտնուի բազմաթիւ մարտահրաւէրներու դիմաց` որոնք մեզի հարցականներ կ՛ուղղեն։ Այսուհանդերձ ''համամիութենական եւ միջ-կրօնական երկխօսութիւնը շռայլութիւն չէ այլ աղբիւր լուսաւորումի, իմաստութեան եւ զօրակցութեան'' ըսաւ  Նորին Սրբութիւնը հրամայական նկատելով կրօնական համագործակցութիւնը ՝պաշտպանելու համար արժանաւորութիւնը, ազատութիւնը եւ  անձերու ու ժողովուրդներու երջանկութիւնը, ու յանձնարարեց` միջ-կրօնական հասկացողութիւն, բարեկամութիւն ու համագործակցութիւն։

Քահանայապետը  անդրադարձաւ ապա կրօններու  միասնական համոզումին որ է`  ծառայել խաղաղութեան Աստուծոյ ու հաստատեց թէ Աստուծոյ անունը երբեք պէտք չէ օգտագործուի արդարացնելու համար ատելութիւնն ու բռնութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը  ապա ոգեկոչեց Մալի քաղաքի Westgate Mali, Կարիսսա համալսարանի եւ Մատերայի մէջ  երիտասարդներուն դէմ տեղի ունեցած բարբարոսական յարձակումները,  յայտնելով  թէ ''յաճախ շատ մը երիտասարդներ ծայրայեղականներ կը դառնան` յանուն կրօնի, սերմանելով հակառակութիւն եւ վախ եւ յօշոտելով ընկերութեան նոյնինքն էութիւնը։ Ասոր համար յոյժ կարեւոր է որ կրօնները  ճանչցուցին որպէս ''խաղաղութեան մարգարէներ'', խաղաղութեան գործիչներ, որոնք ուրիշները կը հրաւիրեն ապրելու խաղաղութեամբ, համերաշխութեամբ եւ փոխադարձ յարգանքով։

Սրբազան Քահանայապետը ճառին երրորդ մասին մէջ անդրադարձաւ Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի Փակումի 50-րդ տարեդարձին` որով Կաթողիկէ Եկեղեցին յանձնառու դարձաւ միջ-կրօնական եւ համամիութենական երկխօսութեան ուղիով ի սպաս հասկացողութեան ու բարեկամութեան։

Քահանայապետը  հաստատեց թէ այս յանձնառումը կը բխի Աստուծոյ սիրոյ տիեզերականութենէն ու Անոր բոլորին շնորհած փրկութենէն ապա խօսքը աւարտելով ըսաւ  ''Աշխարհը արդարացի օրէն կը սպասէ որ հաւատացեալները, բարի կամք ունեցող մարդոց հետ միասին, աշխատին  դիմագրաւելու համար զանազան հարցերը որոնք  վնաս կը հասցնեն  մարդկային ընտանիքին։

Միջ-կրօնական հանդիպման աւարտին Սրբազան Հայրը առանձնապէս ողջունեց այլ դաւանանքներու եւ կրօններու ներկայացուցիչները ու հրաժեշտ առնելով անոնցմէ փոխադրուեցաւ Նայրոպիի Համալսարան  ու անոր տարածքին գտնուող ''Սենթրալ Փարք''ին մօտ մատուցեց բացօթեայ սուրբ պատարագ նուիրուած` ժողովուրդներու աւետարանութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.