2015-11-26 10:03:00

Վատիկանի մէջ Յիսնակացի Քարոզները` ''Քրիստոս Ժողովուրդներու լոյս''։


(Ռատիօ Վատիկան) Ինչպէս ամէն տարի Յիսուս Սուրբ Ծննդեան տօնին առ ի պատրաստութիւն, դեկտեմբեր ամսուայ ընթացքին, ամէն ուրբաթ օր Վատիկանի մէջ տեղի կ՛ունենան Յիսնակացի քարոզները զոր կը կատարէ Քահանայապետական Տան Քարոզիչը Հայր Ռանիերօ Քանթալամեսսան եւ որոնց իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը եւ Հռոմի Քուրիայի անդամները։

Քափուչին միաբանութեան անդամն Հայր Քանթալամեսսան այս տարուայ քարոզներու որպէս նիւթ ընտրած է ''Քրիստոս Ժողովուրդներու լոյս'' բնաբանը։

Երեք խորհրդածութիւններ որ տեղի կ՛ունենան ուրբաթ` 4, 11 եւ 18 դեկտեմբերին, հիմնուած ''Ժողովուրդներու Լոյս'' Վատիկանեան Բ Ժողովի սահմանադրական վաւերաթուղթի վրայ, Վատիկանեան ժողովի փակման 50-րդ տարեդարձին առթիւ։

Վերոնշեալ Քարոզները տեղի կ՛ունենան Առաքելական Պալատի  Ռետեմթորիս Մաթեր անուամբ մատրան մէջ։

Երեք քարոզներու նիւթերն են` Եկեղեցին մարմին եւ հարս Քրիստոսի. Սրբութեան տիեզերական կոչումը եւ Սուրբ Կոյս Մարիամի մասին վարդապետութիւնը։

Քարոզներուն հրաւիրուած են իրենց մասնակցութիւնը բերելու բոլոր կարդինալները, Արքեպիսկոպոսները, եպիսկոպոսները, Ժողովներու քարտուղարները եւ Հռոմի Քուրիայի ներկայացուցիչները։








All the contents on this site are copyrighted ©.