2015-11-25 11:56:00

Երկխօսութիւն եւ Համոզմունք


Մէկու մը համար երբ կ՝ըսենք թէ համոզումի տէր անձ մըն է, կամ ուրիշ մէկու մը համար թէ երկխօսութեան պատրաստ մէկը, ինքնաբերաբար կը խորհինք, թէ այս անձերը բոլորովին տարբեր՝ նոյնիսկ հակոտնեայ դիրքորոշումներ ունին։ Այս զատողութիւնը զգալի է մանաւանդ այն Եկեղեցիներու մօտ, ուր համոզմունք եւ երկխօսութիւն այնքան ալ մօտ չեն իրարու։

 Երկխօսութի՞ւն թէ համոզում

 Ընդհանուր առումով ՝ համոզումի տէր մէկը անձ մըն է որ գիտէ պնդել իր գիտցածին վրայ եւ կը ջանայ ուրիշներն ալ հաղորդակից դարձնել իր համոզումներուն։ Անձ մը, որ յաճախ չի գիտեր մտիկ ընել ուրիշներուն։ Աւելի կը նմանի մարտիկի մը, որ ուշադիր է դիմացէն եկող հարուածին՝ պէտք եղածին պէս հակ-ազդելու համար։ Համոզումի տէր մէկու մը համար՝ իր համոզումները աղբիւր են պայքարի, եւ եթէ հաւատացեալ է՝ դրդապատճառ խաչակրութեան։

 Միւս կողմէն, նոյն մօտեցումով ՝ երկխօսութեան տրամադիր մէկը անձ մըն է, որ միշտ պատրաստ է իր սեփական մտածումները մէկդի դնելու, եւ իր տատամսումներով ՝ ամէն տեսակ յարմարեցում ընդգրկելու։ Սահմանումներու միջեւ չի գիտեր զանազանութիւն դնել, եւ չի գիտեր լաւն ու գէշը, ճիշդն ու սխալը իրարմէ զատել։ Այն պարագան, թէ պատրաստ է նա խօսակցութեան մտնել անոնց հետ որ սխալմունքի մէջ են՝ ցոյց կու տայ, թէ հաստատուն կերպով չէ փարած ճշմարտութեան։

 Քիչ մը չափազանցուած ՝ բայց այս մօտեցումները ընդհանրացած բնոյթ ունին, բացէ ի բաց արտայայտուած կամ ծածկեալ կերպով բանաձեւուած, եւ կրնան ծայրաստիճան վտանգաւոր ըլլալ, հիմնուած ՝ սխալ հասկացողութեան մը վրայ, ըլլայ համոզումի, ըլլայ երկխօսու-թեան պարագային։

 

Երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը կամ համոզումի ճշմարտութիւնը

 Համոզումներ ունենալը հարկաւոր է - թէպէտեւ առաքինութիւն չէ -, կեանքին իմաստ եւ ուղղութիւն տալու համար, դժուարութիւններու դիմաց անմիջապէս չ՝ընկրկելու եւ փախուստ չտալու համար։ Այս տեսակէտէ ՝ հաւատքը համոզում մըն է ՝ հիմնուած Աստուծոյ վրայ։ Բայց նաեւ կարելի է համոզումներ ունենալ ամենա-գէշ կէտերու վրայ։ Ուստի, անհրաժեշտ է, որ համոզումը հիմնուած ըլլայ տրամաբանական օրէնքներու վրայ։

Մեր համոզումները գաղափարներ են զորս մենք կ՚ընդունինք իբրեւ հաստատ ճշմարտութիւններ։ Բայց գիտենք նաեւ, որ Ճշմարտութիւնը վեր է մեր համոզումներէն եւ նկատառումներէն։ Աստուածաբանօրէն գիտենք, որ Աստուծոյ Ճշմարտութիւնը, ինչպէս եւ Ճշմարտու-թիւնը իր Խօսքին՝Բանին, վեր են մեր հաս-կացողութենէն։ Կրնանք միշտ ալ սխալիլ անոնց մեկնաբանութեան մէջ, բայց եւ կրնանք յառաջդիմել դէպի լաւագոյն հասկացողութիւն։ Այս պատճառաւ ալ, բողոքականներու համաձայն ՝ Եկեղեցին միշտ պէտք է վերանորոգուի Աստուծոյ Խօսքին համեմատ։

 Չէ՞ք նշմարած. անոնք որ պէտք ունին իրենց համոզումը ամրացնելու, անոնք որ իրենքզիրենք տկար կը զգան եւ վախ ունին այս տկարութենէն, ասոնք է որ ամէնէն աւելի կը ջանան ուրիշները համոզելու։ Իսկական համոզումը, սա-կայն,  կարծիք մըն է որ միշտ ալ գոյութիւն ունի ուրիշ կարծիքներու եւ գաղափարներու առընթեր։Այն որ կ՚ուզէ բանաւոր համոզում մը գոյացնել ՝ պէտք է ուշադրութեամբ քննէ այն բոլոր հանգամանքները եւ մտիկ ընէ այն ամէն պատճառաբանութիւնները, որ ուրիշները ուրիշ կարծիքներու եւ համոզումներու առաջնորդած են։ Մտիկ չընել ուրիշներուն՝ շատ վտանգաւոր բան մըն է. ըսել է, թէ չենք ուզեր նկատի ունենալ այն պատճառաբանութիւնները որ բաւական զօրաւոր են ՝ ուրիշներու քով ուրիշ տեսակ համոզումներ գոյացնելու։

 Երբ մէկը ձեր կարծիքներուն հան-դէպ բացարձակապէս տարբեր՝ հակոտնեայ գաղափարներ կ՚ունենայ, կը տեսնէք որ շատ մը կէտերու մէջ կը մոլորի ՝ հիմնուած սխալ տուեալներու վրայ, կամ իր մտածածները ժամանակավրէպ դար-ձած են, եւ կամ թէ ինք ճշմարտութիւն-ները գիտակցաբար կը խեղաթիւրէ։ Այսպէս, երկխօսութեան մերժումը զանազան Եկեղեցիներու մօտ՝ հիմնուած է սխալ, քարացած գաղափարներու վրայ, եւ այն խուլ վախին վրայ որ կայ այդ անհպելի գաղափարները իրենց տեղէն շարժելու վտանգին մէջ։ Մինչդեռ դարերու ընթացքին ՝ դիրքեր եւ կացութիւններ փոխուած են եւ բարելաւուած։ Մենք ալ անհատապէս բարելաւումներու կ՚ենթարկուինք տարիներու ընթացքին։

 Իսկական առողջ համոզում մը պէտք է ի վիճակի ըլլայ ուրիշ համոզումներու հետ «չափուելու», ի յայտ բերելու համար իր իրաւ ուժականութիւնը, խորունկ եւ պտղաբեր կենսալիր տեւականութիւնը։

Ճշմարտութիւն եւ Սէր

 Քրիստոնեայի մը համար ուրիշ աւելի զօրաւոր պատճառաբանութիւն մը կայ քան պարզ մտաւոր հասկացողութիւնը։ Ասիկա ՝ ապրելու այն ձեւն է, որ Յիսուս սորվեցուց մեզի։ Ինչպէս գիտենք, քրիստոնէական կեանքի հիմքը եղբայր-սիրութիւնն է, որ իր լիութիւնը կը գտնէ թշնամին ալ սիրելուն մէջ։ Եւ այս թշնամի ըսուածը՝ անձ մըն է որ առնուազն ուրիշ համոզմունք ունի …

 Եւ առաջին քայլը այս սիրոյ ճամբուն վրայ ՝ խտացած է հետեւեալ սկզբունքին մէջ. Այն ինչ որ կ՚ուզես որ ուրիշը ընէ քեզի, դուն ալ ըրէ ուրիշին (հմմտ. Մատթ. Է, 12)։ Երեւակայեցէք մէկը որ խորարմատ համոզումներ ունի որոնք հակառակ են ձեր համոզումներուն. կը խօսի ճոխութեամբ եւ պարտադրող կերպով, եւ մտիկ չ՚ըներ այն ամէն բանի որ իրեն կը հակառակի։ Իր նպատակը ձեր ալ կարծիքը իմանալ չէ, այլ կ՚ուզէ ձեզի իր ճշմարտութիւնը հաղորդել, նոյնիսկ պարտադրել։Իսկ ի՞նչ է ձեր հակազդեցութիւնը։ Փոխանակ հանդարտօրէն մտիկ ընելու իր բացատրութիւնները, դուք աւելի՝ յարձակողականի մը են-թարկուածի տպաւորութիւնը կ՚ունենաք։

Նուազագոյնը սիրոյ մէջ ՝ յարգանքն է ուրիշի հանդէպ։ Այս ուրիշը կրնայ այն-պէս համոզումներու տէր ըլլալ ինչպէս դուք, եւ այդ համոզումները իրեն ալ կեանքին խարիսխն են այնպէս ինչպէս ձերինները։ Ուստի, արժան չէ՞ որ յարգենք իր ալ համոզումները։ Այդ չի նշանակեր որ անպայման համաձայնինք իրեն, բայց գոնէ կրնանք մտիկ ընել իրեն, ինչպէս որ պիտի փափաքէինք որ ինք ալ մտիկ ընէր մեզի։ Այս կէտին մէջ այնքան զգայուն ենք երբ խնդիրը մեզի կը հայի, եւ անտարբեր ՝ երբ պարագան ուրիշինն է։

Երկխօսութիւնը ուրեմն, այսինքն ՝ ճանչնալ եւ ընդունիլ ուրիշը այնպէս ինչպէս որ է, քանի մը հոգիի վերապահուած վարուելակերպ մը չէ, այլ գործադրումն է այն Սիրոյն, որ Աստուած պատուիրած է մեզի ունենալ նոյնիսկ մեր թշնամիներուն հանդէպ։

 Իսկական վկայութեան մը ուժը

 Կարգ մը քրիստոնեաներ դէմ առ դէմ կը դնեն երկխօսութիւնը եւ վկայութիւնը կամ աւետարանին քարոզութիւնը։ Կարծէք թէ հաւատքէն ծնած խոր համոզմունքը պէտք է անպայման յանգի դիմացինը համոզելու, մեր ճանչցած ճշմարտութեան բերելու, ենթարկելու։ Չմոռնանք, սակայն, որ այն անձը որուն հետ կը խօսինք, որուն մեր հաւատքին վկայութիւնը կու տանք, անձ մըն է որ հաւանաբար ինքն ալ իր համոզումներն ունի, համազօր հաւատքի մը որ թերեւս իր քով այն տեղն ունի ինչ որ մեր հաւատքը մեր կեանքին մէջ։ Նորէն փորձենք մենք մեզ միւսին տեղը դնելու, որպէսզի անոր հետ վարուինք այնպէս, ինչպէս պիտի փափաքէինք որ ան ալ մեզի հետ վարուէր։

Երբ որոշ անձեր երբեմն ձեր դուռը կը զարնեն եւ կ՚ուզեն ձեզի իրենց հաւատքի մասին խօսիլ, շուտով կը նշմարէք որ անոնք որեւէ շահագրգռութիւն չունին ՝ գիտնալու, թէ դուք ի՞նչ կը խորհիք կամ կը հաւատաք։ Անոնք աւելի «իրենց էշը քշել» կ՚ուզեն քան ձեզ լուսաբանել։ Բայգ երբ տեսնեն որ դուք որոշ կերպով յստակ գաղափարներ ունիք, կ՚երթան ուրիշ ՝ աւելի ձեռնհաս անձեր կը բերեն ՝ ձեր գաղափարները «ջրելու» եւ ձեզ տարհամոզելու համար։ Իսկ այս պարագային ի՞նչ կ՚ըլլայ ձեր հակազդեգութիւնը։ Չէ՞ք խորհիր, որ իրենց այս վարուելակերպը իրենց իսկ ըսածը կը «ջրէ», իրենց քարոզած հաւատքին բովանդակութիւնն ու վաւերականութիւնը գէշ լոյսի տակ կը դնէ։Ահա մենք ալ եթէ փորձենք ուրիշին մեր համոզումն ու մեր հաւատքը նոյն բուռն կերպով հաղորդելու, միթէ այդ ուրիշը մեզմէ տարբե՞ր հակազդեցութիւն պիտի ունենայ։ Ի՞նչպէս կարենայ լաւ տրամադրուիլ խօսակցութեան մը հանդէպ ՝ երբ կը զգայ յարձակողական շեշտ մը ՝ ժպիտի մը ետին ծածկուած։ Ի՞նչպէս կարենայ հաւատք ընծայել այնպիսի «սիրոյ» մը, որ դիմացինին անձէն աւելի ՝ շահագրգռուած է զայն աշակերտ դարձնելու ծրագիրով։

Աւետարանին վկայութիւնը տարածել ՝ կը նշանակէ դէպի ուրիշը երթալ, եւ պէտք է ըլլայ իսկական սէրէ բխած։ Եթէ իսկապէս սէր ունինք անձի մը հանդէպ որ մեր դիմացինն է, ուրեմն նախ պէտք է փորձենք հասկնալ, թէ ո՞վ է եւ ի՞նչ է իրեն հաւատքը։ Եւ եթէ իրեն հաւատքը տարբեր է իմին հաւատքէս, պարտք է ՝ ուշադրութեամբ եւ սիրով մտիկ ընել իր վկայութիւնը իր հաւատքին եւ իր համոզումներու մասին։ Այն ատեն միայն, երբ տեսնէ թէ իրապէս մտիկ ըրած ենք իրեն, որ մեր խօսակիցը կրնայ պատրաստ ըլլալ՝ իր կարգին ինքն ալ մտիկ ընելու մեր ըսածին, մեր վկայութեան, եւ հասկնալու այն ՝ ինչ որ կը մղէ մեզ ապրելու։ Եւ չմոռնանք երբեք, որ ամէն անգամ որ մէկու մը հան-դիպինք, Աստուած միշտ ներկայ է։ Եթէ մէկը խորապէս ազդուի մեր վկայութենէն կամ խօսքէն, ասիկա պարզապէս Ս. Հոգիին գործն է։ Կրնանք աւելի ճարտասան ըլլալ քան մեր խօսակիցը, եւ կրնանք աւելի զօրաւոր պատճառաբանութիւններ բերել, բայց ասոնք փուճ բաներ կը մնան եթէ իսկական սէրը չկայ. ի վերջոյ ճարպիկ փաստաբաններ կրնան որեւէ նիւթ պաշտպանել նոյն յաջողութեամբ։

Ամէն իսկական հանդիպում «վտանգ» մը կը պարունակէ։ Բայց երբեք չմոռնանք, որ Աստուած միշտ ներկայ է մեր միջեւ։ Կրնայ ըլլալ որ միւսին ըսած-ները կարգ մը փոփոխութիւններ յառաջացնեն իմ համոզումներուս մէջ, բայց կրնայ ըլլալ նաեւ, որ Աստուած գործածէ իմ սէրս եւ իմ վկայութիւնս ՝խօսելու հա-մար այն միւսին. եւ ասկէ աւելի ի՞նչ կայ փափաքելի։

Համոզում եւ երկխօսութիւն

Այսպէս ուրեմն երկխօսութիւնը, որ միշտ ալ անտեսանելիին դիմացն է, կը մնայ լաւագոյն ճամբան ՝ խոր համոզումներ գոյացնելու։ Այս համոզմունքները կը ներկայացնեն ՝ այսպէս ըսենք ՝ ներքին կազմածք մը որ մեզի հաստատութիւն կու տայ, բայց որ կրնայ միշտ ալ բարեփոխութիւններու ենթարկուիլ։ Տարբեր է զրահաւորումէ, որ մեզի ՝ անխոցելի ըլլալու պատրանքը կու տայ, բայց որ իրականին աւելի կաշկանդում է նեղմտութեան, եւ մեզ կը մղէ յարձակողական տրամադրութեան։ Երկխօսութիւնը, այս-ինքն ՝ շփուիլը ուրիշի գաղափարներուն հետ, կը սրէ եւ կը յստակէ մեր գաղափարներն ու համոզումները, մեզի առիթ կու տայ ՝ զատորոշելու այն ինչ որ էական է, եւ այն, որ երկրորդական բնոյթ ունի։ Առիթ կու տայ նաեւ մեր սեփական համոզումները ճոխացնելու դիմացինին առարկութիւններով եւ մտածելակերպով։ Եւ երբ օր մը հարկադրուած ըլլանք մեր համոզումները պաշտպանելու, միշտ ալ կրնանք յարգել մեր հակառակորդը, եւ ցանկալ անոր բարօրութիւնը։ Ի վերջոյ, երկխօսութիւնը կարելի չէ եթէ ոչ՝ տարբեր համոզումներու տէր անձերու միջեւ, եւ չկայ իսկական համոզում եթէ չէ թրծուած ՝ տարբեր համոզումներու տէր անձերու հետ շփուելով։








All the contents on this site are copyrighted ©.