2015-11-25 09:29:00

Ափրիկէի եպիսկոպոսները կ՛ողջունեն Ֆրանչիսկոս Պապի այցելութիւնը եւ խաղաղութիւն կը հայցեն։


(Ռատիօ Վատիկան) 16-20 նոյեմբերի 2015-ին,  Կանայի մէջ կայացած Ափրիկէի Եպիսկոպոսաց դասի ընդհանուր ժողովին աւարտին հրապարակուած հաղորդագրութեամբ մը, ժողովական Հայրերը  մեծ գոհունակութեամբ ողջունեցին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Ափրիկէի շնորհած  Առաքելական այցելութիւնը, որ կը կատարուի  Հռոմի մէջ կայացած Ընտանիքի մասին եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսական ժողովէն մի քանի շաբաթ վերջ, մաղթանք յայտնելով որ ընտանիքը ըլլայ եւ մնայ հիմքը ընկերային կեանքին։   

Հաղորդագրութեան մէջ , Ափրիկէի եպիսկոպոսները  նշելով  Փարիզի մէջ ինչպէս նաեւ Ափրիկէի եւ Միջին արեւելքի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական արարքները  խստիւ դատապարտեցին  ահաբեկչական գործողութիւնները  կոչ ուղղելով ահաբեկիչներուն եւ անոնց աջակցողներուն կասեցնել սոյն արարքները։ 

Ապա  եպիսկոպոսները, Ափրիկէի խաղաղութեան  ի սպաս կոչ ուղղած են յայտարարելով ''կը միանանք բոլոր անոնց, որոնք  Ափրիկէի  եւ աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ աշխատանք  կը տանին  խաղաղութեան ի սպաս եւ համերաշխութեան կերտումի ի խնդիր, յատկապէս՝ Պուրունտուի, Կեդրոնական Ափրիկէի եւ Քոնկոյիէ մէջ, եւ  հակամարտող կողմերէն կը խնդրենք, որ վար առնեն զէնքերը , դիմեն երկխօսութեան եւ ընդգրկեն խաղաղութեան ուղին՝   բոլորին բարիքին ի շահ։  








All the contents on this site are copyrighted ©.