2015-11-24 14:12:00

Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Վատիկանեան դրամատունը ''ԵՕՐ''ը ու անուանեց դրամատան նոր տնօրէն։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց թէ այսօր` 24 նոյեմբերին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաւօտեան 10,30-ին այցելութիւն տուաւ Վատիկանի Պետական դրամատան ''ԵՕՐ'' ին, ուր քսան վայրկեան տեւողութեամբ տեսակցութիւն ունեցաւ  դրամատան վերահսկողութեան խորհուրդի անդամներուն հետ անոնց տեղեկացնելով Նոր Տնօրէնի նշանակումը յանձին Տոքթ Ճան Ֆրանքօ Մամմիի­, որ մինչեւ օրս կը վարեր դրամատան փոխ տնօրէնի պաշտօնը եւ որուն պիտի աջակցի Տոքթ Ճուլիօ Մաթթիեթին մինչեւ նոր փոխ տնօրէնի մը անուանումը։  








All the contents on this site are copyrighted ©.