2015-11-24 12:49:00

Քենիայի, Ուկանտայի եւ Կեդրոնական Ափրիկէի յոյսն ու սպասումը Ֆրանչիսկոս Պապի այցելութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) ՝՝Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն՝՝ հաստատութեան, միջազգային հարցերու պատասխանատու՝ Տիկին Քրիսթին Տը Քուտրայ, կեդրոնական Ափրիկէ տուած այցելութենէն ետք. երեքշաբթի 24 նոյեմբերին, հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատեց թէ

Կեդրոնական Ափրիկէն, մոռացուած երկիր մըն է, որուն ժողովուրդը  մեծ տառապանք կը կրէ։  Ֆրանչիսկոս Պապի երկրին շնորհելիք  այցելութիւնը,  կը ներկայացնէ  աւելի լաւ ապագայի յոյսը՝ ըլլալ քրիստոնեաներուն ըլլայ մահմետականներուն համար։Նորին Սրբութեան այցելութիւնը, առիթ մըն է քայքայելու` անծայրածիր  բռնութիւններուն շարքը։՝՝ Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն՝՝ տեղեկագիր մը, ապա կը յայտնէ,  թէ Կեդրոնական Ափրիկէի քաղաքական իրավիճակը անկայուն  է, յատկապէս՝ Պանկի մայրաքաղաքի արուարձաններուն մէջ։  Այս իրավիճակը առ աւելիով կ՛ոգեւորէ  սպասումը՝ Ֆրանչիսսոս Պապին  այցելութեան,  որ առիթ պիտի հանդիսանայ՝  աշխարհին հայեացքը սեւեռելու երկրին մէջ կայացած ողբերգական իրականութեան վրայ։

Իսկ՝ Պանկի թեմին արքեպիսկոպոս՝ գերապայծառ Տիյոտոնէ Նզափալէնկա, ՝այսառթիւ յայտնած է, թէ ՝՝  Ֆրանչիսկոս Պապ, խաղաղութեան, համերաշխութեան, եւ Ողորմութեան պատգամը պիտի բերէ ։ Աստուծոյ նշանն է,  որ մեր մէջ ի յայտ պիտի գայ Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամով։ Ան՝ աղքատներուն Պապն է, որ պիտի այցելէ՝ լքուած եւ աղքատ երկիր մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.