2015-11-24 09:39:00

Պապական Նուիրակը կ՛այցելէ Պահման Եւ Ռասուլ Աազամ հիւանդանոցները


Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Կապրիէլ Քաչիա երկուշաբթի, 23 նոյեմբերին, ընկերակցութեամբ մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսին, այցելեց «Պահման» եւ «Ռասուլ Աազամ» հիւանդանոցները, ուր ան բարի ապաքինում մաղթեց Պըրժ Պարաժնէի ահաբեկչական գործողութիւններուն պատճառով արձանագրուած վիրաւորներուն:

Գերապայծառ Քաչիա շեշտեց, որ Աստուած մօտ է բոլոր անոնց, որոնք կը տառապին` աւելցնելով, որ ինք այս այցելութեան նախաձեռնած է իր ցաւը յայտնելու եւ զօրակցելու Հարաւային արուարձանները թիրախ դարձուցած անարգ պայթումին վիրաւորներուն եւ անոնց փոխանցելու Ֆրանչիսկոս պապին ողջոյնները:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց հիւանդանոցներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք օժանդակած են վիրաւորներուն եւ բժշկական խնամք տրամադրած անոնց:

Գերապայծառ Քաչիա հաստատեց, որ Լիբանան պատգամի երկիր է եւ ան պէտք է պահպանէ իր այդ յատկութիւնը` մաղթելով, որ Լիբանան ճիշդ ուղիին վրայ մնայ:








All the contents on this site are copyrighted ©.