2015-11-24 09:46:00

Հռոմի մէջ տեղի ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած գիրքի շնորհանդէս


Սուրբ Աթոռի մօտ ՀՀ դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ Նոյեմբեր 21-­ին Հռոմի Սանթա Մարիա Մաժորէի եկեղեցւոյ  Քահանայապետական արեւելագիտութեան Ուսումնարանին մէջ տեղի ունեցած է  ուսումնարանի փրոֆէսը` հայր Ժորժ Անրի Ռոյսենի բացառիկ եօթհատորեակին շնորհանդէսը: Այս մասին կը հաղորդեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութենէն։

Ձեռնարկին մասնակցած են Քահանայապետական արեւելագիտութեան ուսումնարանի տնօրէն Դաւիդ Նազարը, Սէնթ Էճիտիօ համայնքի հիմնադիր Անտրէա Ռիգարտին եւ Սէնթ Էճիտիօ համայնքի նախագահ Մարքօ Իմբալիացցոն, Հայ առաքելական եւ Կաթոլիկ եկեղեցւ հոգեւոր այրեր, հասարակական­ քաղաքական հատուածի ներկայացուցիչներ, իտալահայ համայնքի անդամներ:

Գիրքին մէջ կը ներկայացուին Վատիկանի փակ արխիւներուն մէջ գտնուող ու Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող բոլոր փաստաթուղթերը` համիտեան ջարդերէն մինչեւ յետցեղասպանական` քեմալական կառավարման շրջանի տարիներ, որ հնարաւորութիւն կ՝ընձեռնէ ամբողջական պատկերացում կազմել ոճրագործութեան բոլոր փուլերու մասին` ցեղասպանութեան նախապատրաստումէն մինչեւ իրականացում:

Ձեռնարկին ելոյթով հանդէս եկած է Սուրբ Աթոռի մէջ ՀՀ դեսպան Միքայէլ Մինասեանը, որ իր խօսքին մէջ, մասնաւորապէս, նշած է, որ եօթհատորեակը ցեղասպանագիտութեան ոլորտին մէջ լրջագոյն ձեռքբերում է եւ պատմութիւն, որ նաեւ թուրքերունն է: «Հայր Ռոյսենի աշխատանքը մեզ կ՝օգնէ յարաբերիլ փաստերու հետ: Անիկա մեզ կ՝օգնէ ընթերցել անցեալը` դասեր քաղելով ապագայի համար»,- ըսած է դեսպանը, եւ Հայր Ժորժ Անրի Ռոյսենին յանձնած է ՀՀ նախագահի կողմէն շնորհուած Պատուոյ շքանշանը` հայագիտութեան զարգացման եւ հոգեւոր արժէքներու տարածման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդին համար:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.