2015-11-24 10:24:00

Հայաստանը կարեւոր կը համարէ Արժանթինի հետ բարեկամական կապերու խորացումը. Սերժ Սարգսեան


ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Մաուրիսիօ Մագրիին` Արժանթինի Հանրապետութեան Նախագահի պաշտօնին ընտրուելուն առիթով: Սերժ Սարգսեան Արժանթինի Նախագահին մաղթած է արգասաբեր գործունէութիւն եւ յաջողութիւններ այդ բարձր եւ պատասխանատու պաշտօնին համար:

ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատւութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան փոխանցումով՝ ուղերձին մէջ, մասնաւորապէս, նշուած է.

«Հայաստանը մեծապէս կարեւորում է Արկենթինայի հետ բարեկամական կապերի հետեւողական զարգացումն ու խորացումը: Մեր երկրների միջեւ յարաբերութիւնները մշտապէս աչքի են ընկել առանձնայատուկ ջերմութեամբ եւ մեր ժողովուրդների միջեւ առկայ փոխադարձ համակրանքով:

Վառ են 2014 թուականին Արկենթինա կատարած պաշտօնական այցի շրջանակներում Ձեզ հետ ունեցած հանդիպման իմ յիշողութիւնները: Համոզուած եմ, որ Ձեր նախագահութեան ընթացքում մեզ կը յաջողուի որակական նոր մակարդակի բարձրացնել Հայաստանի եւ Արկենթինայի միջեւ բազմաբնոյթ համագործակցութիւնը»:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.