2015-11-24 09:52:00

Թեհրանի մէջ Փութին-Խամենէի հանդիպում


Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երկուշաբթի, 23 նոյեմբերին, այցելեց Թեհրան` մասնակցելու համար բնական կազ արտածող երկիրներու վեհաժողովին: Ան իր այցելութեան ծիրին մէջ հանդիպում ունեցաւ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ Ալի Խամենէիի հետ:

Քրեմլին յայտարարեց, որ Փութին եւ Խամենէի կը մերժեն Սուրիոյ հարցով արտաքին թելադրանքները եւ կ՛ընդգծեն, որ սուրիացի ժողովուրդն է, որ կը ճշդէ ինքն իր ճակատագիրը:

Հանդիպումին ընթացքին Խամենէի Փութինին ըսած է. «Սուրիոյ մէջ ռուսական միջոցառումները շրջանին եւ աշխարհի վրայ բարձրացուցին ձեր եւ Ռուսիոյ հաւաստիութիւնը»:








All the contents on this site are copyrighted ©.