2015-11-23 10:47:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 22 նոյեմբեր 2015-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը որուն սկիզբը խորհրդածութիւն մը ներկայացուց որուն մէջ անդրադարձաւ օրուան ծիսական տօնին`''Յիսուս թագաւոր Տիեզերքի'' ու ապա օրուան սուրբ գրային ընթերցումին քաղուած` Յովհաննէսի աւետարանէն Գլ 18 ''Յիսուս Պիղատոսի առջեւ''։

Յիսուս ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ Պիղատոսին կը ներկայանայ որպէս թագաւոր սակայն անոր թագաւորութիւնը այս աշխարհէն չէ եւ այս կը նշանակէ թէ Յիսուսի թագաւորութիւնը տարբեր է։

Հոս կը յայտնաբերուի երկու տրամաբանութիւններու միջեւ ընդդիմութիւնը` աշխարհիկ տրամաբանութիւնը որ կը հիմնուի մրցակցութեան վրայ եւ կը պատերազմի, վախի, շահարկումի եւ խղճերու խեղաթիւրումի զէնքերով եւ Աւետարանի տրամաբանութիւնը այսինքն Յիսուսինը որ կը յայտնուի հեզութեան ու ձրիութեան մէջ եւ լռելեան բայց հաստատակամ ճշմարտութիւնը կը յայտնէ։ Քրիստոսի արքայութիւնը արդարութեան, սիրոյ եւ խաղաղութեան թագաւորութիւն է, ըսաւ Սրբազան Հայրը մատնանշելով թէ այդ թագաւորը յայտնուեցաւ Խաչին վրայ ուr կը բացայայտուի սիրոյ ձրիութիւնը։

Այնտեղ կայ սիրոյ յաղթանակը` ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը ու հրաւիրեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները խորհրդածելու եւ լռելեան կրկնելու ''Յիսուս իր կեանքը տուաւ ինծի համար, քաւելու համար իմ մեղքերս'' մատնանշելով թէ այս պատգամը լաւապէս ըմբռնեց իր հետ խաչուած աւազակը որ Յիսուսի հեզութեան մէջ տեսնելով սէրը Անորմէ խնդրեց որ զինք յիշէ իր արքայութեան մէջ։ Ահա այս է Քրիստոսի թագաւորութեան զօրութիւնը` Սէրը։ Մենք ալ նայելով Յիսուսի խաչին ու աւազակին անոր հետ կրկնենք ''Յիսուս մեզ ալ յիշէ քու արքայութեանդ մէջ''։

Նորին Սրբութիւնը խորհրդածութիւնը եզրափակեց հաստատելով թէ ի տես աշխարհը յուզող բազմաթիւ վէրքերուն հայցենք Աստուածամօր նեցուկը մեր թագաւոր Յիսուսի նմանութեան յանձնառութեան մէջ, անոր թագաւորութիւնը դարձնելու համար այժմէական, քնքշութեան, հասկացողութեան եւ ողորմութեան ներգործութիւններով։

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը արտասանեց Մարեմեան աղօթքը ապա ողջոյնի խօսք ուղղեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալներուն  անոնց յայտնելով թէ յառաջիկայ չորեքշաբթի օր պիտի մեկնի Ափրիկէ` Քենիա, Ուկանտա եւ Կեդրոնական Ափրիկէ ու խնդրեց որ աղօթեն իր այս ճամբորդութեան համար, ինչպէս նաեւ այդ երկիրներու սիրեցեալ եղբայրներուն համար որպէս մօտիկութեան եւ սիրոյ նշան։

Միաձայն Աստուածամօրմէն խնդրենք որ օրհնէ այդ սիրելի հողամասերը որպէսզի այնտեղ պտղաբերի խաղաղութիւնն ու բարգաւաճումը` ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու հրաւիրեց միասնաբար աղօթել` Ողջոյն քեզ Մարիամ աղօթքը հուսկ հրաժեշտ առաւ ներկաներէն անոնց մաղթելով բարի կիրակի ու խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.