2015-11-23 12:25:00

Եպիսկոպոսական օծում։ Գրիգոր Պետրոս Ի` ''Ես-ը չփնտռել այլ փնտռել խաչը''։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 21 նոյեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 5.00ին, Պէյրութի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ  Սուրբ Եղիա Հայ Կաթողիկէ Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ Գերապատիւ Սարգիս Վրդ. Դաւիթեանի եւ Գերյարգելի Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատուրեանի եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը,  հանդիսապետութեամբ՝ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք`Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Եւ ներկայութեամբ քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն, կղերական դասին­ նորօծ եպիսկոպոսներու ընտանեկան պարագաներուն ու բարեկամներուն։

Արարողութեան ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը ընդգծեց թէ կոչումը շնորհք մըն է եկած Աստուծմէ  եւ թէ Աստուած է որ կ՛ընտրէ ու կ՛ուղարկէ իր աշակերտները ծառայելու մարդոց ու անոնց վկայելու Յարուցեալ Քրիստոսը։

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Պատրիարքը ապա ակնարկեց դժուարին պայմաններուն որոնց մէջ պիտի ծառայեն նորօծ եպիսկոպոսները յանձնարարելով ըլլալ այլ ոմն Քրիստոսներ, միացած Անոր` աղօթքի մէջ։ Ես-ը չփնտռել այլ փնտռել խաչը, յորդորեց Գրիգոր Պետրոս Ի ու իր սրտաբուխ քարոզը եզրափակեց հաստատելով թէ ցեղասպանութենէն 100 տարիներ ետք, մեր նահատակներու շնորհքով, մենք կանք, կը մնանք ու պիտի լուսաւորենք։

Իսկ կիրակի 22 նոյեմբերին նորօծ երկու եպիսկոպոսները իրենց անդրանիկ պատարագները մատուցեցին մէկը` Պուրճ Համմուտի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ գերապայծառ Դաւիթեան (Սպահանի՝ Իրանի Կաթողիկէ հայոց առաջնորդ) եւ միւսը` Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ-Սուրբ Եղիա Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, գերապայծառ Ասատուրեան (Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ  Պատրիարքական Աթոռի օգնական եպիսկոպոս)։

 

 

Պէյրութի պատրիարքական թեմին առաջնորդ Արհ Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան իր եպիսկոպոսական անդրանիկ պատարագի ընթացքին արտասանեց հետեւեալ քարոզը

“Սիրել Աստուած՝ կը նշանակէ անոր տալ ամէն բան, իրապէ՛ս ամէն բան, ներառեալ սեփական կեանքը» կ’ըսէր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իտալացի եպիսկոպոսներուն շնորհուած ունկնդրութեան մը ընթացքին։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

Այս պահուս  մտածումս կ’երթայ առաջին հերթին  այս աշխարհի զոհերուն, անո՛նց որոնք կը տառապին պատերազմէն եւ անարդարութենէ, մասնաւորաբար Սուրիոյ մէջ, որ իմ ծննդավայրս է, ինչպէս նաեւ  Իրաքի եւ ամբողջ Միջին Արեւելքի շրջանին մէջ։ Նաեւ բոլոր  անո՛նց՝ որոնք կը տառապին իրենց մարմնով եւ հոգիով, եւ ծարաւն ունին հոգատար ուշադրութեան, խնամքի եւ մօտիկութեան։

 Բառարանին համաձայն, յունարէն episkopos-ը, այսինքն  եպիսկոպոսը այն անձն  է որ “կը նայի դէպի ուրիշը», այն անձը որ “ուշադիր է ուրիշին», հոգատար է՝ ուրիշին հանդէպ։ Ան մեծ ղեկավարը չէ։ Ան ոչինչ է առանց ուրիշներուն, առանց միւսներուն, քանի որ եկած է հոգատար եւ ուշադիր ըլլալու  անոնց, այդ ուրիշներուն։  Հետեւաբար, սիրելիներ, ձեզմով է որ եպիսկոպոս պիտի ըլլամ,  ձեզի հետ է որ պիտի հսկեմ հաւատքին եւ հաղորդութեան մեր Եկեղեցիէն ներս՝  հաւատարմութեամբ Աւանդութեանը Առաքեալներուն՝ որոնց մէկ յաջորդն եմ այսուհետեւ։

 Սուրբ Պատարագի այս պահուն, կ’ուզեմ առաջին հերթին ամբողջ  երախտագիտութիւնս յայտնել  մեր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին՝  հաստատած ըլլալուն համար՝  Հայ Կաթողիկէ Սիւնհոդոսի Հայրերուն կողմէ ընտրութիւնս իբրեւ Օգնական Եպիսկոպոս  մեր սիրելի Եկեղեցւոյ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս  20-րդ Կաթողիկոս Պատրիարքին։ Շնորհակալ եմ  նաեւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ եւ մեր սիւնհոդոսական Հայրերուն իրենց վստահութեան եւ առաքելութեան համար որ ինծի վստահեցան ի սպաս Աստուծոյ ժողովուրդին եւ անոր հովիւներուն ու սարկաւագներուն։

Այս պահուս երախտագիտութիւնս կ’ուզեմ յայտնել   նաեւ ընտանիքիս անդամներուն եւ մասնաւորաբար իմ սիրելի մօրս որ հոս ներկայ է եւ որ զիս շատ սիրեց եւ ինծի տուաւ ամէն ինչ ու սորվեցուց ծառայել Աստուծոյ՝ որ այսօր զիս կը կոչէ այս նոր առաքելութեան ։ Յուզումով կը յիշեմ հայրս որ մեծապէս քաջալերեց զիս իմ քահանայական կոչումիս մէջ եւ որ հպարտ էր ինծմով՝ զիս նկատելով  “ընտանիքին վարդապետը»։ Երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ նաեւ  ընտանիքիս բոլոր անդամներուն, բարեկամներուս, Պէյրութի, Փարիզի եւ Արնուվիլի քահանայ հայրերուն ու  ծխականներուն։ 

Եւ վերջապէս, կ’ուզեմ խորին շնորհակալութիւններս յայտնել բարեկամներուս եւ բոլոր անոնց  որոնք յանձն առին այս գեղեցիկ տօնակատարումը, ապա անոր զուգահեռ նշումը պատրաստելու յոգնութիւնը ։ Շնորհակալութիւն  բոլորիդ որ ներկայ էք՝ ձեր բարեկամութեան ու եղբայրակցութեան համար։

Այսօր, միասին կը ներկայացնենք Աստուծոյ կենդանի Եկեղեցին, որ ներկայ է այստեղ։  Եկեղեցին իր միութեամբ, կաթողիկէութեամբ, սրբութեամբ եւ  առաքելականութեամբ,  հարուստ  իր այլազանութեամբ եւ փառաւորեալ իր Տիրոջ ցնծութեամբ։ Սրտանց կը յորդորեմ ձեզի հաւատարիմ մնալու ձեր յանձնառութեան եւ այս Եկեղեցւոյ  փառաւորումին որպէսզի Ան անընդմէջ եւ յաչս աշխարհին  ցոլացնէ Իր Տիրոջ պատկերը Բարի Սամարացիի առակին համաձայն։ Մեր թեմի ապագան կը գտնուի Սուրբ Հոգիի ձեռքերուն մէջ, որ  զայն  կը վստահի մեզի որպէսզի  յարուցանենք  քահանայական եւ կրօնաւորական նոր կոչումներ, ինչպէս նաեւ   Իր Թագաւորութեան գալուստին համար գործող այր եւ կին նուիրեալներ։

Անձնապէս քաջ կը գիտակցիմ  Տիրոջ կողմէ ինծի վստահուած առաքելութեան Մեծութեան ու պատիւին, միաժամանակ նաեւ անոր ծանրութեան ու տարողութեան։ Այս պատճառով ալ խոնարհաբար կը հետեւիմ  Ազգերու Առաքեալի յորդորին, որ կ’ըսէ.֊ “Ուրեմն թող մեզ նկատեն որպէս Քրիստոսի ծառաներ եւ  Աստուծոյ խորհուրդներուն տեսուչներ։ Արդ,  վերջին հաշուով տեսուչներէն ուզուածը հաւատարմութիւն ցուցաբերել է»  (1 Կոր 4, 1-2)։  Ասիկա կը հանդիսանայ ճշմարիտ կոչ մը որ կը մղէ մեզ  ցոյց տալու մեր յանձնառութիւնը ի սպաս Քրիստոսի եւ  “տնտեսումին Աստուծոյ Խորհուրդներու », որոնց շնորհիւ “Քրիստոսի Մարմինը, որ Եկեղեցին է, կը սնանի ու կ’աճի»։

Եպիսկոպոսի եւ մշտարթուն հսկողի իմ նոր պաշտօնս  կը դնեմ  Սուրբ Հոգիի (Նախախնամութեան) ձեռքերուն մէջ եւ կը խոստանամ  բոլոր ջանքերս եւ ամբողջ ուժս դնել ի սպաս Աստուծոյ եւ անոր ժողովուրդին։ Պիտի ջանամ սիրտս, թեւերս եւ դուռս բաց պահել որեւէ պահուն բոլորին,  քահանայ, սարկաւագ եւ հաւատացեալ եղբայրներուս առջեւ։ Թող Սուրբ Հոգին առաջնորդէ քայլերս որպէսզի  Սուրբ Պօղոսի նման օր մը կարենամ յայտարարել.- “ Կ’ապրիմ, բայց ես չեմ այլեւս, այլ Քրիստոսն է որ կ’ապրի իմ մէջս»։   








All the contents on this site are copyrighted ©.