2015-11-23 11:42:00

Ֆրանչիսկոս Պապ կը պատրաստուի այցելելու Ափրիկեան Ցամաքամասը։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ նոյեմբեր 25 -30 Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հովուական ճամբորդութեամբ կը մեկնի Ափրիկեան ցամաքամաս, այցելելու համար երեք երկիրներ` Քենիա, Ուկանտա եւ Կեդրոնական Ափրիկէ։

Սոյն ճամբորդութիւնը կը հանդիսանայ Ֆրանչիսկոս Պապին քահանայապետութեան 11-րդ միջազգային ճամբորդութիւնը որուն ընթացքին կ՛այցելէ երեք երկիրներ ու առաջին անգամուան համար Ափրիկեան ցամաքամասը։

Այս ճամբորդութեամբ Ֆրանչսիկոս Քահանայապետը այցելած կ՛ըլլայ 19 երկիրներ։ Ինչպէս միշտ Նորին Սրբութիւնը իր ճամբորդութիւններուն որպէս վայր կ՛ընտրէ ''արուարձանային'' շրջաններ ինչպէս է պարագան Կեդրոնական Ափրիկէի որ Ափրիկեան երկիրներու ամէնէն  աղքատ երկիներէն մին համարուած է։

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետէն առաջ Ուկանտան այցելած են նաեւ` Երանելի Պօղոս Զ քահանայապետը 1969-ին եւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ` 1993-ին եւ 1985-ին որ ապա Քենիան այցելած է երեք անգամ 1980-ին 1985-ին եւ 1995-ին։ Երջանկայիշատակ Քահանայապետը ապա հակիրճ այցելութիւն տուած է նաեւ Կեդրոնական Ափրիկէ` 1985-ին։

Ֆրանչիսկոս Պապին 11-րդ միջազգային ճամբորդութեան երեք բնաբաններն են.

Քենիա` Զօրաւոր եղէք հաւատքի մէջ։ Մի Վախնաք։

Ուկանտա` Դուք պիտի ըլլաք իմ վկաներս

Կեդրոնական Ափրիկէ` ''Անցնինք ծովուն միւս ափը''

Ճամբորդութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը պիտի արտասանէ ընդամէնը 19 ճառ։ Եօթն Քենիայի մէջ, ինն Ուկնատայի մէջ եւ վեցն Կեդրոնական Ափրիկէի մէջ։

Սրբազան Քահանայապետի առաքելական միջազգային ճամբորդութեան կ՛ընկերանան 75 լրագրողներ մինչ ճամբորդութեան ամենէն յատկանշական հանգրուանը կը հանդիսանայ Կեդրոնական Ափրիկէի մէջ, Ողորմութեան Սուրբ Տարուան առթիւ Սուրբ Դուռին բացման արարողութիւնը, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին գլխաւորութեամբ` կիրակի 29 նոյեմբեր 2015-ին։ Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի մէջ կայանալիք Սուրբ տարուան պաշտօնական բացման արարողութենէն 8 օր առաջ։

Ափրիկեան ցամաքամասի երկիրներուն տուած այցելութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ հանդիպումներ կ՛ունենայ երեք երկիրներու պատկան իշխանութիւններուն հետ ինչպէս նաեւ եպիսկոպոսներուն ու կղերական դասին հետ։

Նախատեսուած են ապա միջ կրօնական եւ համամիութենական հանդիպումներ ու յատուկ այցելութիւն Նայրոպիի մէջ Միացեալ Ազգերու գրասենեակին ''U.N.O.N.''։

Իր սովորութեան համաձայն, Ֆրանչիսկոս Պապ, ապա կը հանդիպի երեք երկիրներու երիտասարդներուն հետ ու կ՛այցելէ աղքատներու խնամակալութեան վերապահուած վայրեր եւ շրջաններ, ինչպէս նաեւ գաղթականներու ճամբար մը։ Անշուշտ ճամբորդութեան յայտագիրէն չեն պակսիր բացօթեայ սուրբ պատարագները եւ հաւատացեալներուն հետ հանդիպումները։

Նորին Սրբութիւնը Հռոմէն կը մեկնի 25 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 7,45-ին եւ կ՛ուղղուի Քենիայի մայրաքաղաք`Նայրոպի, որ կը հանդիսանայ առաքելական ճամբորդութեան առաջին հանգրուանը։ Սրբազան Քահանայապետը Քենիա կը մնայ երկու օր եւ 27 նոյեմբերին կը տեղափոխուի Ուկանտա` ուր կը մնայ դարձեալ երկու օր եւ 29  նոյեմբերի առաւօտեան կ՛ուղղուի ճամբորդութեան երրորդ եւ վերջին հանգրուան` Կեդրոնական Ափրիկէ ուր 30 նոյեմբերի կէսօրին` վերջ կը գտնէ Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական 11-րդ ճամբորդութիւնը։  








All the contents on this site are copyrighted ©.