2015-11-18 10:21:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ Կեանքը Դժուարացնողներ


Մէկ անգամ պիտի ապրինք.  ինչպէ՞ս ընել, որ առանց դժուարին պայմաններու կարելի ըլլայ ապրիլ զայն: Ոմանք դրամ դիզելով ապահովութիւն ձեռք բերած կը համարեն, իրենց կեանքը առանց դժուարութեան ապրելու իբրեւ երաշխիք:
Գիտակից եւ կեանքի փորձառու մարդիկ, կը ստեղծեն իրենց կեանքը տնօրինելու եւ դժուարութիւնները հարթելու այլ յարմարութիւններ, որոնք անպայման նիւթական եկամուտներու առնչուած չեն ըլլար: Կայ նաեւ տգէտ մեծամասնութիւն մը, որուն համար «կեանքը» ամէ՛ն վայրկեան դժուարութիւն յարուցող իրողութիւն կը մնայ: Ասոնց համար «կեանք» եւ «դժուարութիւն» համահաւասար եզրաբանութիւններ են: Միշտ կեանքէն դժգոհ, միշտ գանգատող ու իրենց սեւ բախտը լացող նման մարդոց ամէ՛ն օր կարելի է հանդիպիլ, մեր անցած ծանօթ «խաչմերուկներուն» վրայ:
Այս մեծ զանգուածը բազմաթիւ բարդ խնդիրներով լեցուն առօրեայ ունի, նիւթական դժուարութիւններէն սկսած մինչեւ հոգեկան բարդութիւններ: Այս դժուարութիւնները յաճախ իրարու առնչուած եզրեր կ՛ունենան  ու  իրարու կը յաջորդեն.  նման դժուարին կացութեան մէջ գտնուողներ, առաջին դժուարութիւնը դիմագրաւած ժամանակ, երբ անսպասելիօրէն երկրորդին կը հանդիպին, բողոքելով իրենց սեւ բախտին համար, կ՛ըսեն. «Ա՛յս էր պակասը»: Իսկ երբ արդէն երրորդը կու գայ զիրենք գտնելու, յուսահատական զանազան արտայայտութիւններուն կից, իրենց դժգոհութիւնը բազմապատկելու գինով՝ կ՛ըսեն. «Միա՛յն այս էր պակասը» կամ՝ «Աղ ու պղպեղ եղաւ ասիկա»:
Դժուարութիւններուն «բնական» ընթացքով մեզի հասնելէն բացի, անոնք նաեւ ուրիշներու կողմէ «կը տրամադրուին» մեզի:

Ուրիշներու կողմէ հասնող դժուարութիւնները ՜՜առհասարակ՝՝ հիմնական մէկ պատճառ ունին, եւ այդ ալ նախանձն է:

Երբեմն մենք մեզի  դժուարութիւնները կը յարուցենք. հետեւանք անխոհեմութեան  եւ կամ ինքնահաւանութեան։

Ուրիշներէն եկող դժուարութիւններէն շատ աւելի ծանր են մե՛ր կողմէ մեր անձին պատճառուող դժուարութիւնները: Պարտադիր չէ՛ որ այդ դժուարութիւնները յօրինողները անպայման հոգեկան հիւանդութիւններ եւ բարդոյթներ ունեցողներ համարենք: Նման անձեր պարզապէս կրնան կեանքի դժուարութիւնները սիրողներ ըլլալ… Սովորական ու հանդարտ կեանք մը կրնայ «անտանելի» թուիլ այս տեսակի մարդոց համար: Մի՛շտ արկածախնդրական կեանք մը, մի՛շտ տատասկապատ ու անանցանելի կածաններէ անցնող մութ արահետներով կեանք մը, այսպիսիներուն համար աւելի «հաճոյալի» կ՛ըլլայ, քան՝ հեշտ ու դիւրասահ ճանապարհներով խաղաղ կեանք մը: Նման անձեր դժուարութիւններու մէջէն անցնելու պահուն, ինքնամխիթարական ոճով կ՛ըսեն. «Այսպէ՛ս պէտք է ըլլայ կեանք ըսածդ», «Ա՛յս է կեանքին քաղցրութիւնը», կամ՝ «Եթէ չըլլան այսպիսի դժուարութիւններ, ինչպէ՞ս պիտի իմանայինք, թէ ո՛րն է իսկապէս հանգստաւէտ կեանքը»: Ուրեմն, երկուքին տարբերութիւններէն է, որ անոնք կը սորվին եւ բաղդատական ծանրագոյն ու թեթեւ վիճակներուն միջեւ զանազանութիւն կատարելով կը ճաշակեն կեանքի քաղցրութիւնը:
Կեանքը դժուարացնելու այս «կամաւոր» միտումը երբեմն ոմանց մօտ շեշտուած կերպով կը տեսնենք, մամլակի տակ դրուած ուղեղի գեր-ճնշուածութեան բոլոր նշաններով յայտնուող: Անոնք, հակառակ այն իրողութեան, թէ գիտեն ինչո՛ւ համար կը ստեղծեն այդ դժուարութիւնները իրենք իրենց համար, սակայն չե՛ն ուզեր այդ մասին բացատրութիւններ տալ ուիրշներուն: Գաղտնի «հաճոյք» մը կը զգան անոնք այդ դժուարութիւնները համտեսելով, զորս կ՛ուզեն առանձինն վայելել, այդ վայլեքէն բաժին չհանելու համար ուրիշներուն…

Արդեօք այդ դժուարութիւնները կամքը կռանելու ուժականութի՞ւն ալ ունին… Քննելի խնդիր է:

Միշտ մեր ուզած ձեւով չէ՛ որ մարդիկ պիտի ապրին կեանքը, այլ՝ ունին ազատութիւնը եւ սեփական անկախութիւնը, իրենց կեանքը նոյնիսկ դժուարութիւններով ապրիլ նախընտրելու, այնքան ատեն որ այդ նախընտրութիւնը չի՛ հակառակիր աստուածային պատուիրաններուն, ինչպէս նաեւ չի՛ խանգարեր ուրիշներու կեանքին ազատութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.