2015-11-15 09:44:00

Ա. Կիրակի Յիսնակաց Փիլ Դ. 8-24 Ղուկ ԺԱ. 1-13


Յիսնակաց շրջանը, որ այսօր կը սկսինք՝ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան ծիսական պատրաստութեան ժամանակն է։

Ինչու´ համար այս աւանդական, հնացած պատրաստութեան ժամանակը՝ երբ շուկան մեզի առատ ծառայութիւն կը մատուցանէ, եւ պատրաստութեան պէտք եղածը դիւրաւ ձեռք կարելի է բերել։ Այսպէս պիտի մտածէին ոմանք, իսկ ոմանք ոչ իսկ ծանօթ են ծիսական տարւոյն այս շրջանին։

Աստուծոյ մարդեղութիւնը ամըմբռնելի՝ եւ սակայն շօշափելի իրականութիւն մըն է։ Անըմբռնելի՝ որովհետեւ մարդկային միտքը չի կրնար վերահասու ըլլալ՝ թէ ինչպէս Աստուած կրնայ մարդանալ։ Շօշափելի՝ որովհետեւ այդ խորհուրդը կատարուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի մարդեղութեամբ, որ, ինչպէս Պօղոս Առաքեալ փիլիպեցիներու ուղղած նամակին մէջ կը գրէ՝ “Աստուծոյ կերպարանքով էր, սակայն Աստուծոյ հաւասար ըլլալը յափշտակութիւն չհամարեցաւ, այլ իր անձը ունայնացուց՝ ծառայի կերպարանք առնելով, մարդոց նման ըլլալով եւ կերպարանքով որպէս մարդ ճանչցուելով՝ խոնարհեցուց ինքզինք՝ հնազանդ ըլլալով մինչեւ մահ եւ մահ՝ խաչի վրայ։” (Փիլ Բ. 5-8) Իսկ եբրայեցիներու ուղղած նամակին մէջ, Առաքեալը Յիսուսի մասին կը գրէ՝ “Ան էր, որ իր՝ մարմնի մէջ եղած օրերուն, ուժգին աղաղակով եւ արցունքներով աղօթքներ եւ պաղատանքներ կը մատուցանէր անոր, որ կարող էր զինք մահէն փրկել։ Թէպէտ Որդի էր, բայց իր չարչարանքներու պատճառով հնազանդութիւն սորվեցաւ. եւ կատարեալ դառնալով՝ բոլոր իրեն հնազանդողներուն յաւիտենական փրկութեան պատճառ դարձաւ։” (Եբր Ե. 7-9)

Պօղոս Առաքեալի յորդորով կը սկսինք Յիսնակաց շրջանը։ Առաքեալը մեզի ծրագիր մը կու տայ՝ թէ ինչպէս հաւատացեալ քրիստոնեան իր հոգեւոր պատրաստութիւնը պիտի կատարէ, որ անհամեմատ աւելի կարեւոր է՝ քան նիւթական պատրաստութիւնը, քան նիւթական նուէրներու գնումն ու վաճառքը։ Առաքեալը կը գրէ՝ “Ուրեմն եղբայրներ, խորհեցէք այն՝ ինչ որ ճաշմարտութեամբ է, ինչ որ՝ պարկեշտութեամբ, ինչ որ՝ արդարութեամբ, ինչ որ՝ սրբութեամբ, ինչ որ՝ սիրով, ինչ որ՝ շնորհալի, ինչ որ՝ առաքինութեամբ, ինչ որ՝ գովութեամբ։ Ինչ որ սորվեցաք եւ ընդունեցիք եւ լսեցիք, եւ ինչ որ իմ մէջս տեսաք, այն գործեցէք։” (Փիլ Դ. 8-9) 

Ըստ Առաքեալի յորդորին, քրիստոնեան Սուրբ Ծննդեան պէտք է պատրաստուի խորհրդածելով եւ գործադրելով “ճշմարտութեան, պարկեշտութեան, արդարութեան, սրբութեան եւ սիրոյ” առաքինութիւնները։ Հաւատացեալը պէտք է հետեւի Առաքեալի եւ շնորհալի անհատներու օրինակին։

Քրիստոնեան ընդունած է Աստուծոյ որդեգրութեան շնորհքը։ Մկրտութեան խորհուրդով դարձած անդամ Քրիստոսի մարմնին, ինչպէս Պետրոս Առաքեալ իր առաջին նամակին մէջ կը գրէ՝ “Դուք ընտրեալ ազգ էք, թագաւորական, քահանայական սուրբ ազգ, Աստուծոյ սեփական ժողովուրդը. որպէս զի ձեր առաքինութիւնները նուիրէք անոր, որ ձեզ խաւարէն՝ դէպի իր սքանչելի լոյսը կոչեց։” (Ա. Պետր Բ. 9) Քրիստոս, Իր մարդեղութեամբ, խաւարի մէջ գտնուող մարդկութիւնը առաջնորդեց դէպի լոյս, դէպի Աստուած։

Պետրոս Առաքեալ իր երկրորդ նամակին մէջ կը վստահեցնէ հաւատացեալները, թէ անոնք ընդունած են աստուածային շնորհքները, եւ նոյնիսկ հաղորդակից դարձած են աստուածային բնութեան՝ Քրիստոսի միջոցաւ։ Առաւել եւս, Սուրբ Պետրոս կը յորդորէ քրիստոնեաները նկրտելու առաքինութիւններու՝ ժուժկալութեան, համեբարատարութեան, աստուածպաշտութեան եւ եղբայրսիրութեան։ Առաքեալը կը գրէ՝ “Անոր աստուածային զօրութիւնը մեզի շնորհեց ամէն ինչ, որ կը վերաբերի կեանքի եւ աստուածպաշտութեան՝ ճանչցնելով մեզ անոր, որ կանչեց մեզ իր փառքին եւ վայելչութեան։ Ասոնցմով մեծամեծ եւ թանկագին խոստումներ շնորհուեցան մեզի, որպէսզի անոնցմով հաղորդակից ըլլանք աստուածային բնութեան՝ այս աշխարհի ցանկութիւններէն եւ ապականութիւններէն հեռու մնալով։ Եւ ասոր համար իսկ ամենայն ջանք գործադրելով՝ ձեր հաւատքով առաքինութիւն ձեռք բերէք, առաքինութեամբ՝ գիտութիւն, գիտութեամբ՝ ժուժկալութիւն, ժուժկալութեամբ՝ համբերատարութիւն, համբերատարութեամբ՝ աստուածպաշտութիւն, աստուածպաշտութեամբ՝ եղբայրսիրութիւն, եղբայրսիրութեամբ՝ սէր։” (Բ. Պետր Ա. 3-7)

Մեզի երբեմն դժուար կը թուի ապրիլ առաքինի կեանք՝ նկատի առնելով աշխարհի՝ մեր վրայ բանեցուցած ճնշումը։ Բարեպաշտութիւնը ծիծաղելի է, ժուժկալութիւնը՝ ժամանակվրէպ, եղբայրսիրութիւնը՝ անձի վնաս, համբերատարութիւնը՝ տկարութեան նշան։ Եւ այսպէս բազմաթիւ քրիստոնեաներ կը հեռանան առաքինի կեանքէն՝ կ’ընդգրկեն աշխարհի ընձեռած վարդապետութիւնը, որ կը տանի դէպի հեռացում Աստուծմէ՝ եւ վերջապէս դէպի կործանում։ Առանց Աստուծոյ շնորհքին, առանց առաքինութիւններու՝ կեանքը մութ է եւ տխուր։ Մինչ Աստուծոյ զօրութեամբ՝ ոչ մէկ զօրութիւն մեզ կրնայ ընկճել, ինչպէս Առաքեալը այսօրուան նամակին մէջ կը հաւաստէ՝ “Յամենայնի կարող եմ, այնու՝ որ ցօրացոյցն զիս – ամէն ինչի կարող եմ անով, որ զիս զօրացուց” (Փիլ Դ. 13)

Յիսնակաց այս շրջանին, խնդրենք Աստուծմէ շնորհքներ, որոնց կարիքն ունինք անպայմանօրէն։ Եթէ խնդրենք շնորհքներ՝ կասկած չկայ որ կ՝ընդունինք զանոնք - «Եւ ես՝ ասեմ խնդրեցէք՝ եւ տացի ձեզ, հայցեցէք՝ եւ գտջիք, բախեցէք՝ եւ բացցի ձեզ։ Զի ամենայն որ խնդրէ՝ առնու, եւ որ հայցէ՝ գտանէ, եւ որ բախէ՝ բացցի նմա»։ (Ղուկ ԺԱ. 9-10)








All the contents on this site are copyrighted ©.