2015-11-12 10:59:00

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին պատգամը Սլովաք Եպիսկոպոսներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի` 12 նոյեմբեր 2015-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Սլովաքիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամներուն որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց  հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու ս. Պետրոսի յաջորդին։

Հանդիպման ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը եպիսկոպոսներուն յանձնեց գրաւոր ճառ մը որուն մէջ ընդգծելով հնգամեայ կանոնական այցելութեան յատկութիւնը որ է այցելել առաքեալներու դամբանը նորոգելով Յիսուսի Քրիստոսի մէջ հաւատքը եւ հաղորդութիւնը ընդմէջ Պետրոսի յաջորդին եւ եպիսկոպոսներուն, քաջալերեց ներկաները յարատեւելու իրենց հովուական խնամակալութեան առաքելութեան մէջ, հակառակ ներկայի դիմագրաւած դժուարութիւններուն, որոնք  յատկանշուած են մարդկային կեանքի արաք յեղաշրջումով եւ համաշխարհայնացումի մեծ մարտահրաւէրով ու այս ծիրէն ներս գաղթականութեան երեւոյթով։

Եկեղեցին` գրեց Սրբազան Հայրը պատգամին մէջ, կանչուած է վկայելու գաղթականին հիւրընկալութիւնը եղբայրասէր հոգիով եւ մարդկային արժանապատուութեան յարգանքով, օրինականութեան պահպանումի անհրաժեշտութեան ծիրէն ներս։

Ի տես միշտ աւելիով տարածուած բազմամշակութային միջավայրի մը` հարկաւոր է ունենալ փոխադարձ յարգանքի վարուելակերպ ու քաջալերել հանդիպումը,  գրեց Ֆրանչիսկոս Պապ ու փափաք յայտնեց որ Սլովաք ազգը պահպանէ իր ինքնութիւնը, որ զօրեղ կերպով զօդուած է կաթողիկէ աւանդութեան, ըլլայ մշակութային ըլլայ բարոյական եւ ըլլայ հոգեւոր գետնի վրայ,  որպէսզի կարենայ առանց վախի բացուիլ աշխարհին։

Այսօր` գրեց միշտ Քահանայապետը, աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է ժողովուրդներու ուղեւորութիւնը լուսաւորել քրիստոնէական սկզբունքներով, նոր ոճով զարգացնելով աւետարանութիւնը ու հասկնալի դարձնելով Քրիստոսի պատգամը։ Եկեղեցին առ այդ պէտք է յոյս ներշնչէ որպէսզի ժամանակակից փոփոխութիւնները դառնան Քրիստոսի հետ վերանորոգուած հանդիպում։

Նորին Սրբութիւնը ապա հրաւիրեց աշխարհական հաւատացեալները իրենց սատարը բերելու աւետարանութեան շրջագիծէն ներս ու չքաշուիլ քաղաքական մարզէն ներս գործելու ի սպաս հասարակաց բարիքին։

Սրբազան Պապը հուսկ գնահատանք յայտնեց Ընտանիքի կառոյցին ի սպաս տարուած աշխատանքներուն ի տես ու շեշտեց հարկաւորութիւնը արժէքաւորելու երիտասարդները որոնք Եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան յոյսն են։ Ան ապա յորդորեց եպիսկոպոսներուն հայրական վերաբերմունք ցուցաբերել քահանաներուն ու աշխատանք տանիլ անոնց պատշաճ կազմաւորումին ի նպաստ։ Ապա` գրաւոր ճառին աւարտին, ապա մատնանշեց թէ Եկեղեցին նշան ու գործիք է Աստուծոյ եւ մարդոց միջեւ միութեան եւ կանչուած է ըլլալու հաղորդութեան տուն եւ դպրոց ուր կարելի է գնահատել հիւրընկալութիւնը ու յատկապէս Սլովաք Եկեղեցւոյ պարագային Ռոմ ցեղին ի սպաս հովուական խնամակալութիւնը։

Սրբազան Պապ պատգամը եզրափակեց իր ողջոյնը փոխանցելով Սլովաքիայի համայն եկեղեցական հասարակութեան ու հաւատացեալներուն, երախտագիտութիւն յայտնելով բոլոր անոնց որոնք կը գործեն աւետարանութեան, բարեգործական եւ եղբայրսիրական մարզերէն ներս, ապա Ցաւագին Տիրամօր յանձնեց Սլովաք Եկեղեցւոյ մտահոգութիւնները հայցելով Անոր բարեխօսութիւնն ու հովանին ու բոլորին շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.