2015-11-12 11:45:00

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ


Գրիգոր Նարեկացիի Հաւատքը (Զ)

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի, ոչ միայն Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդի եկեղեցական հայրերէն է եւ մեծ սուրբ՝ այլ հռչակուած նաեւ տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ։ Ան հեղինակութիւն մըն է վարդապետական ուսուցման մէջ։ Ներկայացնելով եկեղեցւոյ հաւատքը՝ Սուրբ Գրիգոր իր մատեան ողբերգութեան 34րդ գլխուն մէջ հաւատամքի բացատրութիւն կու տայ հակիրճ եւ խտացեալ տողերու մէջ։ Նախորդ հաղորդումներուն ընթացքին անդրադարձանք հաւատամքի այն մասերուն, ուր Գրիգոր Նարեկացի կը խօսի Հօր Աստուծոյ, Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի եւ Սուրբ Հոգւոյն մասին։ Այսօր կ’ընթերցենք Սուրբ Գրիգորի գրածը՝ Սուրբ Երրորդութեան խորհուրդի մասին, որ մարդկային մտքին համար անըմբռնելի ճշմարտութիւն մըն է։ Եթէ կարենայինք զԱստուած ըմբռնել, կ’ըսեն եկեղեցւոյ Հայրերը, այն ժամանակ Ան Աստուած ըլլալէ պիտի դադրէր։ Գրիգոր Նարեկացի այստեղ յստակօրէն կը ներկայացնէ Հայ Եկեղեցւոյ հաւատքը – Աստուած մի է, երեք անձերով։ Սուրբ Երրորդութեան անձերը, թէեւ երեք, անբաժանելի են։ Ոչ մէկը առաւել միւսէն, ոչ մէկը նուաստ այլ անձէ։ Երեք անձերն ալ Աստուած են կատարեալ, եւ կը կազմեն մի Աստուածութիւն կատարեալ։ Ոչ մէկը Սուրբ Երրորդութեան անձերէն արարած է։ Անոնք յաւիտենական են եւ անսահման։

Լսենք Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի խօսքերը։

“Երրորդութեան մէջ նախապէս յիշուողը՝ մեծ չէ միւսէն,

եւ Իր նմանէն ետք յիշուելով՝ Ան չի նուաստանար.

կամ մէկ [Աստուած] անուանելով զԱյն՝

դէմքերը իրարու չեն խառնուիր.

եւ երեքը իրարմէ զանազանելով՝ անկախ դէմք չի դառնար։

Հայրը չէր մեծարուեր ամէն ինչով՝

եթէ Իր մէջ չունենար Բանի զօրութիւնը.

եւ կամ եթէ չունենար Հոգին Իր հետ՝

անշունչ, անկենդան մէկը կ’ըլլար,

եւ կը նուազէր ամէն յորդորէ։

Բանը եթէ չճանչցուի Հօր անուամբ՝

կ’ըլլայ որբ եւ լքեալ,

իբր սերած՝ որեւէ մահկանացուէ մը։

Նոյնպէս եւ Հոգին՝

եթէ նշանակալից պատճառ չունի՝

միայն անշուք բան մը կ’ըլլայ,

թափառական եւ անդասելի շունչ։

Բայց եթէ մէկը փորձէ Հայրը Որդիէն բաժնել,

հակաճառելով, թէ նախապէս Ան գոյութիւն չունէր,

կամ բամբասանքով զԱյն իբր անբանական մը նկատէ,

ցանկանալով պատուել Հօր վեհ մեծութիւնը,

եւ կամ Բխողը ստրուկ համարի՝

իբրեւ էապէս ոչ հոգեւոր,

այդպէս, օտար բան մը մուծելով,

կամ այլայլական շփոթում մը

Սուրբ Երրորդութեան անարատ պատուին։

Այդպիսիները հաւատքի խօսքի պարսաքարերով

կը հերքենք, դուրս կը վտարենք

իբրեւ դժնի դեւ կամ ընդդիմամարտ գազան,

մերժելով զանոնք կը հեռացնենք մեզմէ,

եւ անոնց վրայ նզովք դնելով,

անոնց դէմ կը փակենք կեանքի դուռը՝

եկեղեցւոյ գաւիթը։

Ուստի փառք կու տանք Երրորդութեան,

զուգաձայն սրբասացութեամբ,

համարժէք հարթութեամբ,

օրհնեալ, փառաբանեալ երկնքի մէջ եւ երկրի վրայ,

անդրանիկներու խումբէն եւ երկրածին բանականներէն

յաւիտեանս յաւիտենից։”

Խիստ են Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի նզովքի խօսքերը, ուղղուած անոնց, որոնք  չեն ընդունիր Եկեղեցւոյ ուսուցումը Սուրբ Երրորդութեան նկատմամբ։ Քրիստոնէական կեանքի մէջ չկան փոխզիջումներ, չկան միջակութիւններ։ Եթէ մենք մեզ քրիստոնեայ եւ հաւատացեալ կը կոչենք՝ ուրեմն պէտք է ընդունինք Աւետարանի խօսքը եւ Եկեղեցւոյ վարդապետութիւնը ամբողջութեամբ եւ հետեւողականութեամբ, առանց դուրս ձգելու մեր հաշւոյն չեկածը եւ մեր չհասկցածը։ Նոյնպէս խիստ են Յովհաննու Յայտնութեան գրքին մէջ յիշուած Յիսուսի խօսքերը՝ «Գիտեմ քու գործերդ, դուն, որ ոչ պաղ ես եւ ոչ տաք. պէտք է պաղ ըլլայիր կամ տաք. իսկ դուն գաղջ ես ոչ տաք, ոչ ալ պաղ. հիմա պիտի փսխեմ քեզ իմ բեռնէս։» (Յայտ Գ. 16)

 








All the contents on this site are copyrighted ©.