2015-11-09 09:44:00

Աշխարհականներու քահանայապետական խորհուրդի գիտաժողովը աշխարհականներու կոչումի մասին։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի`10 Նոյեմբերին Հռոմի մէջ Ս. Խաչ քահանայապետական համալսարանի սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ միօրեայ ուսումնաժողով հայող աշխարհականներու կոչումին ու առաքելութեան, 18 Նոյեմբեր 1965-ին հրատարակուած Վատիկանեան Բ տիեզերական ժողովի ''Apostolicam actuositatem'' վաւերագիրին վաւերացումի  50-րդ տարեդարձին առթիւ։

Վաւերաթուղթին կէտ նպատակն է ընդգծել աշխարհականներու կոչումը ու առաքելութեան հարկաւորութիւնը եկեղեցւոյ ու աշխարհին մէջ։

Այս վաւերաթուղթի շնորհիւ Պօղոս Զ Քահանայապետը ստեղծեց աշխարհականներու քահանայապետական խորհուրդը, որ ներկայիս կը գործէ Սրբազան Քահանայապետին ի սպաս զարգացնելու աշխարհականներու դերը եկեղեցւոյ ու աշխարհին մէջ։

Գիտաժողովին կը մասնակցին հեղինակաւոր ու մասնագէտ դասախօսներ` եկած աշխարհի չորս ծագերէն։ Գիտաժողովին պիտի խօսուի Վատիկանեան Բ ժողովի աշխարհականներու դերին վերաբերող եկեղեցւոյ մէջ ներմուծած նորութեան մասին ինչպէս նաեւ աստուածաբանական ու եկեղեցաբանական երեւոյթներու մասին հայող աշխարհականներու ինքնութեան ու անոնց առաքելութեան Վատիկանեան Բ-էն մինչեւ օրս։ Պիտի շօշափուին ապա աշխարհականներու հայող նիւթեր, ինչպէս` ընտանիքը, դաստիարակութիւնը, աղքատները ու հասարակաց բարիքը։

Կարդինալ Սարա` կառավարիչը աստուածային պաշտամունքի ու եկեղեցւոյ խորհուրդներու` պիտի բացայայտէ աշխարհականներու դերը յաչս ժամանակակից մարդաբանութեան մարտահրաւէրներուն։

Գիտաժողովին կը նախատեսուի ներկայութիւնը Ս. Աթոռի զանազան հաստատութիւններու ներկայացուցիչներուն, ընկերակցութիւններու ներկայացուցիչներուն, եկեղեցական նոր շարժումներուն անդամներուն ու համալսարանական ուսանողներուն։

Վստահաբար ֆրանչիսկոս Քահանայապետի պատգամը  ժողովականներուն պիտի սատարէ լուսաւորելու վերոյիշեալ գիտաժողովի աշխատանքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.