2015-10-25 10:42:00

''Վերջնական տեղեկագիրի'' քուէարկութեամբ եզրափակուեցաւ Ընտանիքի մասին սիւնհոդոսը։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ` 24 հոկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ''Վերջնական տեղեկագիրի'' ընթերցանութեամբ ու քուէարկութեամբ վերջ գտան Ընտանիքի մասին եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի աշխատանքային նիստերը  որոնք սկիզբ առած էին անցեալ 5 հոկտեմբեր 2015-ին։

Ֆրանչիսկոս Պապ հրահանգ տուաւ ապա հրատարակել Եպիսկոպոսներուն ԺԴ սիւնհոդոսի ''Վերջնական տեղեկագիրը'' որ կազմուած է 94 հատուածներէ  որոնք մէկիկ մէկիկ քուէարկուեցան սիւնհոդոսական հայրերու կողմէ եւ բոլորն ալ ստացան որակեալ մեծամասնութիւնը այսինքն առ նուազ 177 ձայն 265-ի վրայ։

''Ընտանիքը լոյս աշխարհի'', այսպէս է որ որակուեցաւ ընտանիքը վերոնշեալ տեղեկագրին մէջ մատնանշելով թէ ''հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն ընտանիքը ունի այն մեծ կարողութիւնը յաղթահարելու զանոնք''։

''Երկու հատուածներ` 178 եւ 180 որոնք կը հային ընտանիքի դժուար պարագաներու`( վիրաւորեալ ընտանիքներ, եկեղեցական օրէնքի համաձայն անկանոն իրավիճակի մէջ ապրող ընտանիքները, համակեցութիւնը, քաղաքացիական ամուսնութիւն, ամուսնալուծեալ ու վերապսակուած զոյգեր...) հազիւ ստացան ձայներու մեծամասնութիւնը'' յայտնեց հայր Ֆտերիքօ Լոմպարտի` Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը` շաբաթ երեկոյեան ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին։ Ան ապա հաստատեց թէ տեղեկագիրը կը վերակոչէ ''Ամուսնութեան անլուծանելիութիւնը'' ու ամուսնութեան իրողութիւնը որպէս ճշմարտութիւն հիմնուած Քրիստոսի մէջ ու Անոր` Եկեղեցւոյ հետ ունեցած կապին մէջ։ Միաժամանակ սակայն, յարեց Հայր Լոմպարտի, կ՛ընդգծուի թէ ճշմարտութիւն եւ ողորմութիւն կը նոյնանան Քրիստոսի մէջ։ Եւ այս կէտէն մեկնելով հրաւէր կ՛ուղղուի ընդունելու վիրաւորուած ընտանիքները ու ամէն մէկ ընտանեկան պարագայ ուսումնասիրել ու սերտել առանձնաբար։

Տեղեկագիրը հուսկ կ՛անդրադառնայ Հովիւներուն ''խորթափանցութեամբ'' մօտեցումին ընտանեկան հարցերու դժուար պարագաներուն, ինչպէս նաեւ կը շեշտէ  միասեռականները հանդէպ անխտրականութիւնը թէեւ կը հաստատէ թէ անոնց միութիւնը չէ ընդունուած Եկեղեցիէն։ Յատուկ հատուածներ ապա յատկացուեցան գաղթականներուն, ապաստանելներուն, հալածուածներուն որոնց ընտանիքները բաժան բաժան եղած են, անոնց համար ալ հայցելով հիւրընկալութիւն եւ իրաւունքներ։

Տեղեկագիրի որոշ հատուածներ ապա արժէքաւորեցին  կնոջ  դերը ընկերութեան եւ ընտանիքի ներքոյ, ինչպէս նաեւ ծերերու եւ մանուկներու պաշտպանութիւնը։ Հուսկ ընտանիքին սպառնալիքները` ծայրայեղականութիւն, անհատականութիւն, աղքատութիւն, աշխատանքի անապահովութիւն։

Տեղեկագիրը կը պնդէ Ամուսնութեան խորհուրդի պատշաճ կազմաւորումի կարեւորութիւնը ինչպէս նաեւ կեանքի պաշտպանութիւնը սաղմէն մինչեւ մահ։

Եկեղեցին Աւետարանը լաւապէս քարոզելու համար կարիքն ունի փոխելու իր ոճը ու զայն դարձնելու հասանելի բոլորին։

Տեղեկագիրը  կը հաստատէ ընտանիքի գեղեցկութիւնը որ է ''տնային եկեղեցի'' հիմնուած այր մարդու ու կնոջ միջեւ ամուսնութեան վրայ որ է ընկերութեան հիմնական բջիջ, ուր կան խոր զգացումներ, ու միակ վայրը միութեան` բաժան բաժան եղած ընկերութեան մը մէջ, որ պէտք է պաշտպանուի, քաջալերուի ու նեցուկ գտնէ իշխանութիւններուն կողմէ։

Տեղեկագիրը կ՛եզրափակուի Սիւնհոդոսական Հայրերուն Քահանայապետին ուղղած խնդրանքով ''Այս տեղեկագիրը կը նուիրենք Սրբազան Քահանայապետին որպէսզի Ինք որոշէ  եթէ հարկաւոր է շարունակել այս ուղեւորութիւնը իր հրատարակած մէկ փաստաթուղթով, որ հիմնուած սիւնհոդոսական աշխատանքին վրայ, աւելիով խորացնէ Ընտանիքի նիւթը իր ուզած հեռանկարով''։ Ինչպէս ըսել, ըսաւ Հայր Լոմպարտի­­, սիւնհոդոսը չ՛ընդհատուեցաւ այլ կը շարունակէ մնալ ուղեւորութեան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.