2015-10-25 11:23:00

Ընտանիքի մասին սիւնհոդոսի եզրափակիչ Սուրբ պատարագ`''Շարունակենք ուղեւորութիւնը'' ։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 25  հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ մատուցած սուրբ պատարագով, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին բոլոր սիւնհոդոսական հայրերը ու բազմաթիւ հաւատացեալներ, եզրափակումը կատարեց ընտանիքի մասին անցեալ 4 հոկտեմբերին սկիզբ առած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին։

Այս առթիւ արտասանած իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումները խօսեցաւ Աստուծոյ հայրական գթութեան մասին  որ կը յայտնուի Յիսուսի մէջ։

''Աստուած ազատեց իր ժողովուրդը ստրկութենէն որովհետեւի Ան Հայր է''­ ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու հայր մը խնամք կը տանի իր զաւակներուն։ Այնպէս ինչպէս ըրաւ Յիսուս Երիքովի կոյրին աչքերը բանալով։

Սրբազան Հայրը ակնարկեց ապա Յիսուսի հետեւողներու փորձութիւններու մասին որոնք նշուած են Երիքովի բժշկութեան աւետարանական հատուածին մէջ. Աշակերտներէն եւ ոչ մէկը, ըսաւ Սրբազան Հայրը, տեսնելով Բարտիմէոսը` Երիքովի կոյրը, ըրաւ այն ինչ որ Յիսուս ըրաւ։ Եթէ անիկա կոյր էր իրենք խուլ կը ձեւանային, կարծես թէ անոր հարցը իրենց չէր վերաբերիր։ Անոնք կը շարունակէին քալել անոր սաստելով որ լուր մնայ։ Շատ անգամ մենք եւս կը հետեւինք Յիսուսին սակայն ունինք փակ սիրտ մը, կը խօսինք անոր մասին ու կը գործենք իրեն համար սակայն հեռու ենք անոր սրտէն որ միշտ հակում ունի վիրաւորուած անձերուն հանդէպ։ Այս է ահա փորձութիւնը։ Հաւատք մը որ չի գիտեր արմատաւորուիլ մարդոց կեանքին մէջ կը մնայ չոր ու կը դառնայ անապատ։

Երկրորդ փորձութիւնը այն է ուշադիր չըլլալ մեր շրջանակին ու խանգարուիլ երբ մէկը մեր ընթացքը կ՛ընդհատէ։ Մինչ Յիսուսի տեսակէտը տարբեր է։ Ան իր հայեացքը կ՛ուղղէ բոլորին ու մանաւանդ անոնց որոնք իրեն կ՛աղաղակեն։ ''Ասոնք հաւատք ունին որովհետեւ կը ձգտին փրկութեան ու Քրիստոսի հետ հանդիպումին'' ըսաւ Սրբազան Հայրը ու իր քարոզը եզրափակեց խօսքը ուղղելով սիւնհոդոսական հայրերուն շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց միասնական ճանապարհի ուղեկցութեան համար, որուն ընթացքին ''մեր հայեացքները միշտ սեւեռած էին Տիրոջ ու մեր եղբայրներուն, որոնելով Աւետարանի ուղիները որոնց միջոցաւ մեր ժամանակակից  մարդոց կարելի է հռչակել ընտանիքի սիրոյ խորհուրդը'' ըսաւ Ան ապա հրաւիրեց ''Շարունակել ուղեւորութիւնը որ Տէրը մեզմէ կը խնդրէ։ Անորմէ հայցենք բժշկուած ու փրկուած հայեացք մը որ կարողանայ լոյս տարածել, ու հեռու հեռատեսութենէ ու մեղքէ փնտռենք ու տեսնենք Աստուծոյ փառքը որ կը  ցոլայ կենդանի մարդուն մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.