2015-10-22 10:04:00

Ընտանիքի մասին եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսը դէպի վերջնական տեղեկագիրի շարադրութիւն։


(Ռատիօ Վատիկան) Ընտանիքի մասին եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսը կը հասնի իր աւարտին։ Աշխատանքային թղթածրարի երրորդ մասի լեզուային խմբակներու ներկայացուցած զեկոյցներէն ետք,  եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսի ''վերջնական տեղեկագիրի շարադրութեան յանձնախումբը գործի լուծուած է սիւնհոդոսական հայրերու քննարկումին ու վաւերացումին յանձնելու  Սիւնհոդոսական նիստերու վերջնական տեղեկագիրը որուն հրապարակումի որոշումը ապա կ՛իյնայ Սրբազան Պապին։

Երեքշաբթի յետմիջօրէին ընտանիքի եպիսկոպոսական Սիւնոդոսի 13 խմբակները ներկայացուցին թղթածրարի երրորդ մասի զեկոյցները, նուիրուած ''ընտանիքի առաքելութիւնը'' նիւթին։

Թեման կը շօշափէ երկու հարցեր. Առաջինը` ամուսնալուծուած ու վերապսակուած զոյգերու ս. Խորհուրդներու մերձեցումին կարելիութիւնը։ Երկրորդը կը հայի այն անհատներուն որոնք հակում ունին մենասիրութեան։ 

Առաջին պարագային (Ամուսնալուծուած ու վերապսակուած զոյգեր) բազմաթիւ սիւնհոդոսական հայրեր մաղթեցին ֆրանչիսկոս Քահանայապետին  միջամտութիւնը նոր սլացք մը տալու եւ ընդառաջելու վիրաւոր ընտանիքներու փափաքին, մինչ եկեղեցին կը պատրաստուի տօնախմբելու ողորմածութեան յոբելենական տարին։ Երկրորդ հարցին մասին անդրադառնալով` (մենասիրութեան հակում ունեցողներ) սիւնհոդոսական հայրերը հարկաւոր նկատեցին ընդունիլ այդ անհատները առանց խտրականութեան, մերժելով սակայն այդ անհատներու կողմէ մանուկներ  որդեգրելու  կարելիութիւնը  եւ անոնց հաւասարացումը ամուսնութեան ու միասեռներու միութեան։

13 խմբակները համաձայն գտնուեցան հետեւեալ նիւթերու շուրջ. Ընտանիքի կարողութիւնը ըլլալու ենթակայ  եւ ոչ միայն առարկայ։ Եկեղեցին պէտք է ընդունի ու քաջալերէ ընտանիքի դերը աւետարանութեան շրջագիծէն ներս։ Ամուսնութեան պատրաստութեան կազմաւորումը կեդրոնացած ըլլալու է Աստուծոյ խօսքին վրայ։  Այս ծիրէն ներս Եկեղեցին կանչուած է բարեփոխելու իր խօսակցութեան ոճը, մատչելի ու հասկնալի դարձնելու իր ուսուցումն ու վարդապետութիւնը եւ նոր երկխօսութիւն հաստատելու ընտանիքին հետ։ Ի յայտ դնել եւ ընդգծել գեղեցկութիւնը եւ ուրախութիւնը սեռականութեան ու մարմնին` ամուսնական կեանքին մէջ, ինչպէս կ՝ուսուցանէ ''Humanae  Vitae - Մարդկային Կեանք''  Պօղոս Զ-ի շրջաբերական թուղթը, նոյնպէս խորացնել ծնողներու պատասխանատուութեան ու զաւակներու կրթութեան նիւթերը։ Խօսելով խառն ամուսնութեան մասին կարգ մը խմբակներ այս մէկը համարեցին բարեպատեհ ու նպաստաւոր միջ-կրօնական երկխօսութեան ի խնդիր։








All the contents on this site are copyrighted ©.