2015-10-10 11:26:00

Մեծ եղեռնի հարիւր ամեակի շուքին տակ


“Կիլիկեան Արհաւիրքը”

Նախորդ շաբթուան հաղորդումին մէջ յետադարձ ակնարկ մը  կատարեցինք, խօսքը տալով 19րդ դարու վերջի եւ 20րդ դարու սկիզբի դէպքերու ականատեսի մը։ Սուրէն Պարթեւեան, 1909 թուականին հրատարած է գրքոյկ մը “Կիլիկեան Արհաւիրքը” խորագրով։

Գրքի յառաջաբանին մէջ Պարթեւեան կ’անդրադառնայ ժամանակի տեղական եւ միջազգային քաղաքական իրադարձութիւններուն եւ հայ ժողովուրդի յոյսերուն։ Կը յիշէ 1895-1896 թուականներու չարդարարներու չքմեղումը եւ երիտթուրքերու բռնած նոյն արիւնարբու ճանապարհը, եւ դիրքը յիշեալ կոտորածներու ճանաչումին հանդէպ։

Ան կը գրէ՝ “Եւ ի՞նչ կ’ըսեն անոնք։

Ճի՛շդ այն վաղեմի քլիշէն որով Համիտեան կառավարութիւնը Հայերու սիսթեմաթիկ բնաջնջումը կ’արդարացնէր, ընդունելով զայն իբր անհրաժեշտ միջոց մը ու պայման մը Տէրութեան անվթար պահպանումին։ Հայկական անջատողականութեան, Հայկական անկախութեան ծթռած ու սնանկ վարկածն է որ կրկին երեւան կ’ելլէ իր աղէտարար ուժովը եւ այս անգամ կը զինէ իսլամութիւնը հայաբնակ այն գաւառներուն որոնք զերծ մնացած էին 1895-96ի արեան ընդհանրական տուրքէն եւ յարաբերաբար անդորր ու բարեբաստ ապրած մինչեւ հին րէժիմին յետին վայրկեանները, - եւ ասիկա անո՛ր համար որ Հայերը, Հայաստանի վերին նահանգներուն մէջ իրենց երազները իրականացնելէ յուսահատած կ’ուզեն եղեր Կիլիկիոյ ափերուն վրայ ձեռնարկել անոնց իրագործումին, ինչպէս որ Ատանայի նոր-թուրք թերթը, Իթթիտալ, - ահաւոր ինքնամատնութեամբ մը որ ահաւոր ամբաստանութիւն մը ըլլալ պիտի ուզէր, - խոստովանեցաւ ճի՛շդ այն ատեն երբ ի կատար կը հանուէր Ատանայի հաւաքական Եղեռնը։

Ի՞նչ ըրած էին Հայերը այսպիսի աղետաբեր կասկած մը հրաւիրելու համար իրենց վրայ։

Հայերը իսլամներուն աչքին մեծ յանցանքը, ոճի՛րը գործած էին հաւատալու Սահմանադրութեան, լրջօրէն առնելու անոր հաւասարութեան ու արդարութեան մեծաբարբառ խոստումներն ու հռչակումները։ Այդ հաւատքը բնականաբար իրենց վարմունքին, կեցուածքին, ժէսթերուն եւ նայուածքներուն մէջ ի յայտ պիտի գար հանդէպ դրացի Իսլամներուն եւ զիրենք անհանդուրժելի պիտի ընէր ասոնց, անոր համար մանաւանդ որ երէկուան գետնամած ու դողահար ստրուկին այսօրուան ազատ քաղաքացիի փոխարկումը յեղակարծօրէն կատարուեր էր, եւ իսլամ մտայնութեան, իսլամ խղճմտանքին համար անընդունելի, անըմբռնելի եւ ընդվզեցնող էր այս հրաշալի վիճակափոխութիւնը։ Իր դարաւոր տիրապետի, բռանւորի ժառանգական, եւ Համիտեան րէժիմէն ահեղօրէն քաջալերուած բնազդներուն բոլոր ուժովը՝ դրացի իսլամը կը մերժէր կեավուրին հետ Հաւասարութեան Սահմանադրածին իրականութիւնը։ Իսլամութեան սրբապիղծ նուազութիւնը, նուաստացումը կը հաստատէր քրիստոնէին, րաեային մինչեւ իրեն այդ քաղաքական ու ընկերական բարձրացումին մէջ։ Կիրքով եւ ատելութեամբ կուրցած, իսլամը տեսաւ թէ Սահմանադրութիւնը, որ իր ուրիշները գերելու կեղեքելու տարապայման ազատութիւնը կը սանձէր, որ իրմէ ոչ ակնկալուած ոչ ալ բաղձացուած էր, որ իրեն ոչինչ կը բերէր շօշափելիօրէն շահաւոր, իրապէս Հայուն համար եղած էր, Հայուն միայն ուզածն էր։ Ուրեմն, մտածեց ան պարզօրէն, այն նպատակը որուն համար Հայը տարիներով աշխատեր, տառապեր ու հալածուեր էր, որուն անունով, որուն պատրուակաւ իսլամը անոր դահիճն էր եղեր, այդ նպատակը իրագործուե՛ր էր ուրեմն։ Հայը իր «մուրատ»ին հասե՜ր էր, քանի որ ան այնքան ուրախ էր, քանի որ ա՛լ չէր վախնար իրեն հետ հաւասարէ հաւասար վարուելէ։

Ասիկա է Անատօլուի իսլամին հոգեբանութիւնը Հայերուն հանդէպ. ասիկա է Կիլիկեան Արհաւիրքին պարզ, հասարակ, վրան-բաց գաղտնիքը։ Ասիկա կ՝ամբողջանայ կողոպուտի, աւարառութեան ու լլկումի առհաւական մարդախանձ ախորճակներուն գոյութեամբը իսլամ հոգիին մէջ որ չի կրնար հանդուրժել, որեւէ տեղ, իր քրիստոնեայ դրացիներուն, մասնաւորապէս Հայուն, տնտեսական բարգաւաճումը, անոր խաղաղ տիրացումը բարօրութեան, անոր աղուոր աղջիկները, անոր հանգստաւէտ տուները, անոր շէն այգիներն ու ագարակները, անոր լիառատ խանութները, անոր ոսկելից դրամարկղները, - շինարար քաղքենիի եւ քրտնաջան գեղացիի անոր արդար վաստակը, բերքն ու արդիւնքը։ Եւ Ատանայի դաշտը, որ իր երկրաբուղխ շռայլութեանը մէջ ցեղային խտրականութիւն չէր դներ իր արգաւանդ մայրութեանը դիմող զաւակներուն, հայ ըլլային թէ թուրք, այդ պատուական, այդ օրհնուած հողը բարիքով, լիութեամբ եւ առատութեամբ կ’ողողէր կոր Հայուն ձեռքերը, անոր ճակտէն իր վրայ թափուած աշխատանքի նուիրական քրտինքին փոխարէն։ Ու ճի՛շդ այն տարին ուր հունձքի ու բերքի անօրինակ, աննախընթաց առատութեամբ մը Էճեա պիտի ըլլար Հայը, պէ՛տք էր որ կորսնցնէր ան ունեցածն ալ ունենալիքն ալ, ու մոխիրի եւ արեան ճապաղիքներու վրայ նստէր։ Աւելցուցէ՛ք ասոնց վրայ իսլամ այս զգացումները մութի եւ լռութեան մէջ վառ ու արթուն պահող Եըլտըզի յետաշրջական դիւային ուժը որ Ապրիլ 13ի միապետական հարուածին, ժամանակը հասած նկատեց պոռթկացնելու դաւը որ երկարաշունչ կերպով պատրաստուած էր ձեռամբ տեղական կառավարութեան, սկսեալ վալիէն՝ Ճէվատ պէյ, Համիտի նախկին թիկնապահ մը, մինչեւ Քօմիսէրը՝ Զօր Ալի, Յուլիս 11ին խայտառակաբար ինկած ցած բոլիս մը։ Բայց ի՞նչպէս մեկնել աղէտքին հանդէպ կեդրոնական կառավարութեան երկդիմի դիրքը, Ատիլ պէյի քաշած եւ ստացած գայթակղեցուցիչ հեռագիրները, անոնց շնորհուած պաշտօնական վարկը, Հայ դիմումներուն տրուած պատասխանները, բոլոր այն նշանները, խռովիչ երեւոյթները, ի մի բան, որ Հայը ապստամբ եւ նախայարձակ ցոյց տալու հակում մը, տրամադրութիւն մը ի յայտ բերին, եւ որոնք չարաչար մտածել կուտան մեզի թէ Նոր Թուրքիոյ վարիչներն ալ Կիլիկիոյ կործանումին մէջ հայկական «մեղաւոր ձգտումներու» արիւնոտ քաւումը եւ բրեպատեհ մահացումը կը թուին տեսնել։”

 








All the contents on this site are copyrighted ©.