2015-10-10 11:10:00

''Երախտապարտ ենք Պապին կոչին համար'' ըսաւ Պատրիարք Թուալ


(Ռատիօ Վատիկան)Երուսաղեմի Լատինաց Պատիարք Գերերջանիկ Ֆուատ Թուալ, Ռատիօ Վատիկանի  հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, յանուն սիւնհոդոսի եպիսկոպոսներուն, Գնահատանքի ու երախտագիտութեան խօսք յայտնած է Ֆրանչիսկոս Պապին`  Միջին Արեւլքի նկատմամբ ունեցած խոր մտահոգութեան համար ինչպէս նաեւ, սիւնհոդոսի ընթացքին կատարած զօրակցական կոչին համար։

Պատրիարք Թուալ  ակնարկելով Ֆրանչիսկոս Պապի անցեալին երուսաղեմ  կատարած այցելութեան ինչպէս նաեւ Վատիկանի  պարտէզներուն մէջ  Իսրայելի ու Պաղեստինի նախագահներուն հետ ունեցած հանդիպումին մասի , յայտնեց թէ քաղաքական բարի կամքի պակասի հետեւանքով ՝ միչնեւ օրս , Նորին Սրբութեան առաջադրանքները ու Սիւնհոդոսական հայրերու բարի դիտաւորութիւնները՝ արդիւնաբեր չեն, եթէ՝ Քաղաքականութիւնը չի փոխուի։ Պատրիարքը  ապա յստկացանելով  խօսքը քաղաքականութեան առումով յայտնեց, թէ Ան երբ կ՝ըսէ քաղաքականութիւն կ՝ակնարկէ միջազգային քաղաքականութեան՝ յատկապէս Ամերիկեան եւ Իսրայելեան քաղաքականութեան մասին, զարմանք յայտնելով վերջերս Փարիզի մէջ գաղթականներու եւ ահաբեկչութեան  հարցերու շուրջ  կատարուած, միջազգային համաժողովի նիստին՝ Ամերիկիոյ եւ Իսրայելի բացակայութեան համար։ Ապա Պատրիարք Թուալ հաստացեց թէ՝՝Մենք որպէս եկեղեցի, որպէս քրիստոնեայ հասարակութիւն մաս չենք կազմեր վերոնշեալ երկիրներու յայտագիրին. Եւ  Սուրբ Երկրին մէջ ներկայ դժուարին կացութիւնը վատթարացած է Քրիսոտնեաներու Քրէմիսան՝ շրջանի մէջ պատնէշներու կառուցումէն ետք։ Պատրիարքը ապա հաստատած է թէ ''ոչ մէկ պատնէշ կրնայ պաշտպանել որեւէ  անձ''։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.