2015-10-09 09:35:00

ՕԹԱՆ կ՛որոշէ հրամանատարական կեդրոններ հիմնել Հունգարիոյ եւ Սլովաքիոյ մէջ


«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ ՕԹԱՆի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ յայտարարած է, որ ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարները որոշած են դաշինքի հրամանատարական կեդրոններ հիմնել Հունգարիոյ եւ Սլովաքիոյ մէջ:

Սթոլթենպերկ Պրիւքսէլի մէջ ՕԹԱՆ-ի պաշտպանութեան նախարարներու մակարդակով նիստէն ետք յայտնած է. «Այսօր մենք հաւանութիւն տուինք Հունգարիոյ եւ Սլովաքիոյ մէջ համարկման երկու լրացուցիչ ստորաբաժանումներու ստեղծման ծրագիրներուն»:

Համարկման գծով ստորաբաժանումները կոչուած են անհրաժեշտութեան պարագային նպաստելու շրջանին մէջ դաշինքի ուժերու ծաւալման եւ համակարգելու ռազմափորձերը: Նախապէս այդպիսի հրամանատարական կեդրոններ բացուած են Էսթոնիոյ, Լաթվիոյ, Լիթուանիոյ, Լեհաստանի, Պուլկարիոյ եւ Ռումանիոյ մէջ:

Իւրաքանչիւր կեդրոնի անձնակազմը կը ներառէ շուրջ քառասուն մարդ:








All the contents on this site are copyrighted ©.