2015-10-09 09:51:00

Յիսուս, Եկեղեցին եւ Խորհուրդները։


Գաղտնիք  մը  չէ,  որ  մեր  շուրջի  քաղաքակրթութիւնն  ու  աշխարհը  օրէ  օր  աւելի հեթանոսական երեւոյթ կը զգենուն: Ըստ երեւոյթին, աշխարհը հեռացեր է հաւատքէն եւ բարոյական  սկզբունքներէն՝  նետուելու  համար  աճող  անհատապաշտութեան  եւ յարաբերականութեան մէջ:

Հետեւաբար,  զարմանալի  չէ,  որ  մեր  օրերուն,  հաւատաւոր  անձինք  բախին անհասկացողութեան  եւ  ենթարկուին  պէսպէս  հալածանքներու:  Նման  մթնոլորտի  մը մէջ,  քրիստոնեաներուն  համար  փորձութիւնն  անպակաս  է՝  ցածցնել  ուզելու  իրենց բարոյական  սկզբունքներու  մակարդակը՝  նուազ  լարուածութեամբ  ապրելու  համար իրենց շրջապատին հետ:

Առ  այդ  ի՞նչ  ընելու  ենք  դէմ  կենալու  համար  մերօրեայ  Աստուածամերժ ընկերութեան սնոտի գովազդներուն ու ստապատիր լոզունքներուն դէմ:

Առաջնահերթ  ու  գլխաւոր  պայմանն  է,  որ  հաւատացեալներս  ամուր յարաբերութիւն  մը  մշակենք  Յիսուսի  Քրիստոսի  հետ:  Գիտակցելու  ենք,  որ  մեր ընդունած  Մկրտութեամբ՝  Քրիստոսի  մարմինին  անդամներ  եւ  աստուածային  կեանքի մասնակիցներ  դարձած  ենք:  Մեզ  սկզբնական  մեղքէն  ազատող  սոյն  Խորհուրդին շնորհիւ,  Քրիստոս  մեր  հետ  կը  մնայ  եւ  անընդհատ  մեր  հոգին  կը  խնամէ՝  Եկեղեցւոյ,  Խորհուրդներուն եւ յատկապէս Սուրբ Հաղորդութեան միջոցով:

Ուստի,  քրիստոնէաբար  ապրելու  համար,  անհրաժեշտ  է  յաճախ  սուրբ Հաղորդութեան  մերձենալ,  Խոստովանանքի  կամ  Ապաշխարութեան  խորհուրդին դիմել,  անդադար  աղօթել,  մեր  հաւատքը  զարգացնել  ու  զօրացնել,  Տասը Պատուիրանները  պահել,  մերձաւորին  եւ  ընտանիքի  անդամներուն  համար  բարի օրինակ  հանդիսանալ,  մեր  ազատ  ժամանակն  օգտակար  կերպով  գործածել,  մեր ունեցածը  բարւոք  ձեւով  օգտագործել,  գիտակցիլ  թէ  ի'նչ  որ  ենք  ու  ի'նչ  որ  ունինք՝ Աստուծոյ մէկ պարգեւն է, եւ, ի վերջոյ, գիտնալ երախտագէտ ըլլալ Տիրոջ՝ մեզի շռայլած բոլոր օրհնութիւններուն համար:

Այս  աշխարհի  բարիքներն  ու  արժէքները  երբեք  մեզի  կատարեալ գոհունակութիւն  ու  խաղաղութիւն  չեն  բերեր:  Քրիստո'ս  Միայն,  Իր  հիմնած  Եկեղեցիով ու  ջամբած  ուսուցումով  կրնայ  մեզ  առաջնորդել  դէպի  կեանքի  լիութիւնը:  Եկեղեցւոյ ծիսակատարումով է, որ Քրիստոսի փրկագործութիւնը կը շարունակուի:

Այս  տուեալներուն  հիման  վրայ,  կը  պարզուի,  որ  կիրակնօրեայ  Սուրբ պատարագը  լոկ  պարտաւորութիւն  մը  չէ',  այլ՝  արտայայտութիւն  մը՝  մեր  տածած փոխադարձ սիրոյն Քրիստոսի հանդէպ:

Աստուած  իր  Որդիով  մեզի  ընծայեց  բոլոր  միջոցները  սրբանալու,  իր Թագաւորութիւնը  տարածելու,  եւ  մեր  կեանքի  աւարտին՝  իր  երանաւէտ  տեսութեան արժանանալու  համար:  Մեր  միակ  ուժերով  չենք  կրնար  իրականացնել  մեր  կեանքին նպատակը.  սակայն,  Քրիստոսով,  ապահովութիւնն  ունինք  մեր  կոչումին  անշեղ համապատասխանելու:  «Ամէն  բանի  մէջ  կարող  եմ,  շնորհիւ  Քրիստոսի,  որ  զիս  կը  զօրացնէ»  (Փիլիպպեցիներ  4,13):  Այդ  զօրութիւնը  մեզի  կը  փոխանցուի  Սրբազան Խորհրդակատարութեան միջոցով: Տա'յր  Աստուած,  բարեխօսութեամբ  Աստուածածին  սուրբ  Կոյսին,  որ  ըլլանք ճշմարիտ  հաւատացեալներ,  որոնք  կը  սնուցանեն  իրենց  կեանքը  հաւատարմութեամբ՝ մասնակցելով  կիրակնօրեայ  Սուրբ  Պատարագին  եւ    երկիւղածութեամբ  մերձենալով Սուրբ Հաղորդութեան:

Այ'ս է միակ կերպը արդիւնաւորելու համար մեր երկրաւոր կեանքը՝ Քրիստոսի կեանքին բաժնեկից դառնալու համար, անդենականութեան մէջ:

Հայր Գէորգ Վրդ. Զապարեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.