2015-10-09 09:46:00

Լիբանանի մէջ քաղաքացիական շարժումին փոթորիկը բախեցաւ ապահովութեան ուժերուն մրրիկին


Կեդրոնական Պէյրութը հինգշաբթի, 8 հոկտեմբերին կէս գիշերին «Լը Կրէյ» պանդոկին կողմէ դիտուած իսկական պատերազմի դաշտի տպաւորութիւն կը ձգէր… Այս մասին կը հաղորդէ Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթը։

«Պատերազմ» մը, որուն կողմերն են. ա) «Հոտերնիդ ելաւ», «Հաշուետուութեան պիտի կանչենք», «Փոփոխութեան սեմին», «Հեռացէ՛ք մեզմէ», «Ժողովուրդը կը պահանջէ» եւ այլ արշաւներու պատասխանատուներ, համակարգողներ եւ նշեալ շարժումներուն հետեւորդները, եւ բ) ներքին ապահովութեան ուժերը:

Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, քաղաքացիական շարժումին հրաւէրով երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին Նահատակաց հրապարակին դիմաց պիտի կատարուէր խաղաղ ցոյց մը, որուն ընթացքին հիմնականին մէջ պիտի պահանջուէին աղբի տագնապին լուծումը եւ շարք մը այլ պահանջներ, ինչպէս նաեւ զօրակցութիւն պիտի յայտնուէր դատական իշխանութիւններուն:

Երեկոյեան շուրջ ժամը 5:00-ին քաղաքացիական շարժումին հետեւորդ քաղաքացիներ սկսան ուղղուիլ Ռիատ Սոլհ հրապարակ, ուրկէ անոնք ուղղուեցան Նահատակաց հրապարակ եւ կեդրոնացան «Լը Կրէյ» պանդոկին մուտքին, ուր ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ որդեգրուած էին ապահովական միջոցառումներ` փակելու համար դէպի Նըժմէ հրապարակ տանող բոլոր փողոցները:

Ցոյցին ընթացքին քաղաքացիական շարժումը պահանջեց կենսոլորտի նախարարին հրաժարականը, աղբի տագնապին լուծումը, քաղաքապետարաններուն նիւթական պարտաւորութիւններուն ամբողջացումը, «Սուքլին»-ի հետ աշխատանքային պայմանագրութեան կասեցումը, մերժեց լիբանանեան զանազան շրջաններուն մէջ աղբանոցներուն գոյութիւնը, ինչպէս նաեւ պահանջեց երեսփոխանական անմիջական ընտրութիւններու կայացումը:

 

Բողոքի եւ պահանջատիրական այս ցոյցին միայն առաջին ժամը խաղաղ ընթացք ունեցաւ, որովհետեւ ժամը 7:00-ին սկսան բուռն բախումներ արձանագրուիլ ցուցարարներուն եւ քաղաքացիական ընկերութիւնը ներկայացնող ցուցարարներուն միջեւ, երբ կարգ մը տղաք փորձեցին խզել փշաթելերն ու ապահովութեան ուժերուն զետեղած երկաթները` փորձելով խուժել դէպի Նըժմէ հրապարակ, այլ խօսքով` խորհրդարանի շրջակայք:

Այդ վայրկեանին սկսած բախումները քանի մը վայրկեան ետք աւելի եւս լարուեցան եւ ստացան աւելի սուր բնոյթ, որուն ընթացքին ապահովութեան ուժերը ջրցան մեքենաներ եւ արցունքաբեր կազեր օգտագործելով փորձեցին ցրուել Կեդրոնական Պէյրութի ցուցարարները:

Ցուցարարները իրենց կարգին ապահովութեան ուժերը քարկոծեցին եւ անոնց վրայ պայթուցիկներ նետեցին:

Այս բախումները մերթ հանդարտեցան եւ մերթ աւելի սուր բնոյթ ստացան, սակայն անոնք տեւեցին մինչեւ կէս գիշեր:

Բախումներուն ընթացքին արձանագրուեցան մեծ թիւով վիրաւորներ, շնչահեղձ եղան եւ վիրաւորուեցան շուրջ 30 քաղաքացիներ, ինչպէս նաեւ ապահովութեան ուժերու անդամներ:

Ներքին ապահովութեան ուժերը ձերբակալեցին 18 ցուցարարներ եւ զանոնք արգելափակեցին Հըլու ոստիկանատան մէջ:

Ցոյցը եղաւ նաեւ «առիթ» մը, որուն ընթացքին սադրիչ-ցուցարարներ խորտակեցին «Լը Կրէյ» պանդոկին մուտքի դռները, ինչպէս նաեւ քանդեցին պանդոկին շուրջ գտնուող քամերաները եւ անցան քանդելու դրամի յատուկ «Էյ. Թի. Էմ.» մեքենան:

Այս արարքին իբրեւ հետեւանք խռովարարները ճնշող ուժերը կէս գիշերին շղթայազերծեցին ցուցարարները ցրուելու լայն գործողութիւն մը, որուն ընթացքին ձերբակալեցին «Հոտերնիդ ելաւ» արշաւի համակարգող Իմատ Պեզզին:

Ներքին ապահովութեան ուժերու հրամանատարութիւնը կէս գիշերին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտեց, որ ձերբակալած է 18 ցուցարար` հերքելով այն տեղեկութիւնները, թէ ապահովութեան ուժերը հիւանդանոցներուն մէջ գտնուող վիրաւոր ցուցարարները ձերբակալած են:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ իրենք ստիպուած եղած են խռովարարութիւնները զսպելու միջոցներու դիմել` աւելցնելով, որ նման միջոցներ կ՛օգտագործուին ամէնէն յառաջդիմական երկիրներուն մէջ:

Իր կարգին, քաղաքացիական շարժումը ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքը պատասխանատու նկատեց ցուցարարներուն դէմ գործուած բռնութիւններուն` շեշտելով, որ բոլոր քաղաքացիները պիտի շարունակեն ցոյցը, մինչեւ որ բոլոր ձերբակալեալները ազատ արձակուին:

Քաղաքացիական շարժումը պահանջեց նաեւ բանալ փողոցները` ընդգծելով Նըժմէի հրապարակին վրայ ցոյց կատարելու լիբանանցիին իրաւունքը:

Առաւօտեան ժամը 1:00-ին Կեդրոնական Պէյրութի ցոյցերը աւարտեցան եւ ցուցարարները ուղղուեցան Հըլու ոստիկանատուն` պահանջելով ձերբակալեալներուն ազատ արձակումը:

Նշենք, որ դատական իշխանութիւնները հաստատած էին, որ ձերբակալեալներէն ոչ ոք ազատ պիտի արձակուէր երէկ ուշ գիշերին, իսկ քաղաքական առումով, շրջանառութեան մէջ դրուեցան այնպիսի լուրեր, թէ վարչապետ Թամմամ Սալամ կը մտածէ կառավարութիւնը նիստի մը հրաւիրել` աղբի տագնապին լուծման հարցով:

Իսկ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ հազարերորդ անգամն ըլլալով կառավարութենէն պահանջեց լուծել աղբի տագնապը եւ վերջ տալ լիբանանցի երիտասարդներուն դէմ գործուող ճնշումներուն:

Առաւօտեան ժամը 2:00-ին ցուցարարները ուղղուեցան դէպի ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտի բնակարանը, ուր բողոքի ցոյց կատարեցին` պահանջելով ազատ արձակել ձերբակալեալները:








All the contents on this site are copyrighted ©.