2015-10-09 09:34:00

Ընտանիքի մասին Սիւնհոդոսի քննարկումի Բ գլխաւոր նիւթն է` ''Ընտանիքի կոչումը''։


(Ռատիօ Վատիկան) Վատիկանի մէջ գումարուած ընտանիքի եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը, ուրբաթ` 9 հոկտեմբերին,  կ՛եզրափակէ աշխատանքային առաջին հանգրուանը որուն ընթացքին շօշափուեցան աշխատանքային թղթածրարի առաջին մասի նիւթերը` Ընտանիքի դիմագրաւած մարտահրաւէրները։ Առաւօտեան` ընդհանուր չորրորդ նիստի ընթացքին սիւնհոդոսական հայրերը կը ներկայացնեն ''լեզուային փոքր խումբերու'' զեկոյցները որոնց հիման վրայ կը շարադրուի առաջին մասի վերջնական տեղեկագիրը։

Իս յետմիջօրէի նիստերու ընթացքին սկիզբ կը տրուի ''instrumentum laboris – աշխատանքային թղթածրարի'' Բ բաժնի ուսումնասիրութեան ուր կը խօսուի ''Ընտանիքի կոչումին խորթափանցումի'' մասին որ կը ներառէ հետեւեալ նիւթերը. Ընտանիքը եւ Աստուածային Մանկավարժութիւնը. Յիսուս եւ Ընտանիքը։ Անքակտելիութիւն` պարգեւ եւ պարտականութիւն։ Ընտանիքը պատկեր Սուրբ Երրորդութեան։ Ընտանիքը Եկեղեցւոյ վարդապետութեան մէջ։ Ընտանիքի միսիոներական ծաւալը։ Ամուսնութեան անլուծանելիութիւնը եւ միասնաբար ապրելու ուրախութիւնը։ Արարիչին ծրագիրը եւ բնական ամուսնութիւն։ Ողորմութիւն` հանդէպ վիրաւոր ընտանիքներուն. Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը։ Ողորմութիւն եւ յայտնուած ճշմարտութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.